ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին մետաքսի թանգարան (Silk Museum, Bsous, Aley):

Փոքրիկները դիտեցին մետաքսի պատրաստութեան հանգրուանները, անոնք տեսան խոզակը, շերամը, շերեփուկը, ապա՝ թիթեռնիկը: Անոնք դիտեցին նաեւ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու հագուստներ եւ ամրապնդեցին «մաման կը կարէ» դասէն իրենց ստացած գիտելիքները: