ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները այցելեցին Հայկազեան համալսարան, ծանօթանալու համար անոր կառոյցին, անձնակազմին եւ համալսարանական կեանքին:

Համալսարանի մուտքին, աշակերտները արդէն իսկ հանդիպեցան Հայկազեան յաճախող ճեմարանաւարտներու. անոնք ջերմօրէն բարեւեցին զիրար: Պրն. Ռազմիկ Գաբրիէլեան (Student affairs office) եւ Պրն. Ռուբէն Մարկոսեան (Recruitment office) ընդունեցին աշակերտները եւ երկու ուսանողներու հետ ամբողջ մէկ ժամուան ընթացքին շրջեցան հետեւեալ վայրերը՝ ընդունման սրահ, աշակերտական հանգստեան սրահ, գրադարան, ցուցահանդէսի սրահ, նախագահի գրասենեակ եւ ճաշասրահ, ուր հիւրասիրուեցան:

Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բացատրեց աշակերտներուն, որ Հայկազեան համալսարանը կարեւոր կեդրոն մըն է Լիբանանի մէջ թէ՛ իբրեւ բարձրագոյն ուսման կեդրոն եւ թէ իբրեւ ազգային արժէք: Ան աւելցուց, որ Հայկազեան համալսարանը հայկական է եւ լիբանանեան համալսարաններու առաջնակարգ դիրքի վրայ  կը գտնուի, նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով ճեմարանաւարտներ կը յաճախեն Հայկազեան: Ան եզրափակեց ըսելով, որ ներկայ դարուս շատ կարեւոր է բարձրագոյն ուսումը, ուստի պէտք է այս տարիքէն լաւ աշխատին, որպէսզի ապագային դառնան փայլուն շրջանաւարտներ ու լաւ քաղաքացիներ: