ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Այնճար, որպէսզի գիտութեան «Ծանօթանանք պարտէզներուն» բնաբանը գործնական ձեւերով սորվին:

Աշակերտները դիմաւորուեցան քաղաքապետարանի անդամներուն կողմէ եւ ճաշակեցին քաղաքապետարանի տրամադրած նախաճաշը  բնութեան մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի ելակի պարտէզ, ուր դիտեցին եւ համտեսեցին ելակները:

Քաղաքապետարանի ոստիկաններուն առաջնորդութեամբ փոքրիկները ուղղուեցան դէպի խնձորի պարտէզ եւ մեծ հաճոյքով քաղեցին ու համտեսեցին Այնճարի խնձորները, ապա շարունակեցին իրենց պտոյտը դէպի բանջարանոց եւ ջերմոց, ուր տեսան զանազան բանջարեղէններ, ինչպէս՝ կաղամբ, լոլիկ, պղպեղ, եգիպտացորեն…:

Անոնք նոր գիտելիքներ ամբարելէ ու հաճելի օր մը անցընելէ ետք վերադարձան  իրենց տուները:

Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, տարրական բաժինի ուսուցիչներն ու աշակերտները  շնորհակալութիւն կը յայտնեն Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեանին, քաղաքապետարանի անդամներուն եւ Պրն. Ասատուր Շխրտմեանին, որոնք իրենց հոգատար վերաբերումով սատարեցին այս դաստիարակիչ պտոյտին յաջողութեան: