ԱՂԲԵՐՈՒ ԶՏՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «աղբերու զտում եւ վերամշակում» նիւթը: Ան ցոյց տուաւ յատուկ տոպրակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը զետեղուի թուղթ, կերպընկալ, ապակի, թիթեղ եւ ուտեստեղէն:

Աշակերտները անդրադարձան, որ պէտք է նուազեցնել աղբերը, կրկին գործածել որոշ իրեր եթէ կարելի է եւ ամէնէն կարեւորը՝ ղրկել զանոնք վերամշակման կեդրոններ:

Աշակերտները ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի դպրոցին դուրսը գտնուող աղբի մեծ տակառը ու տեսան, թէ ի՛նչպէս աղբերը առանց տոպրակի են եւ տակառէն դուրս նետուած:

Յաջորդ շաբաթ, ընկերային ծառայողը նոյն նիւթով գործնական աշխատանք կատարեց աշակերտներուն հետ, դասարանէն ներս: