ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, Ճեմարան այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ներկայացուցիչներ՝ ընդունման գրասենեակէն Տիկ. Արինա Զօհրապեան եւ շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն եւ դասախօս Պրն. Սերգէյ Թանթուշեան: Անոնք հանդիպում ունեցան երկրորդական բաժնի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտութեան հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կրթական դրութիւնը:

Տիկ. Արինա անդրադարձաւ հայրենիքի մէջ ուսանելու հոգեկան ուրախութեան եւ խօսեցաւ համալսարանի արդիական կառոյցին, գիշերօթիկի դրութեան, վկայականին եւ կրթաթոշակներուն մասին:

Պրն. Սերգէյ խօսեցաւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ կիրարկուող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին:  

Հանդիպման աւարտին, անոնք պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն: