ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն: Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան պատմական անդրադարձէ մը ետք, աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն մասին: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր դասարան չունի յատուկ ծրագիր, այլ կը կիրարկուի իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական ծրագիր: Ան աւելցուց, որ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Թ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին եւ իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ճինիշեան» հաստատութիւն: «Ճինիշեան»ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան դիմաւորեց զիրենք եւ բացատրութիւններ տուաւ հաստատութեան մասին: Աշակերտները դիտեցին անոր պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, ապա շրջեցան զանազան բաժինները, որմէ ետք խմբակներու բաժնուեցան եւ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Անոնք ծանօթացան կառոյցին զանազան բաժիններուն, տարբեր ծրագիրներուն ու մատուցուած ծառայութիւններուն: Հաստատութեան կողմէ կատարուեցաւ աչքի քննութիւն եւ հիւրասիրութիւն: Աշակերտները հասկցան ընկերային ծառայութեան գործին կարեւորութիւնը գաղութի մը զարգացման եւ գոյատեւման…

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 6 Մարտ 2024-ին,  Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն: Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ: Այսպիսով աւելի եւս ամրապնդուեցաւ «Արհեստներ եւ արուեստներ» կեդրոնական նիւթին բացատրութիւնը: 

ԱՐԱԶ ԽՏԸՐԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի փինկ փոնկի միջդպրոցական ախոյեանութեան մրցաշարքը։ Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մարցաշարքին 2006-2007 տարիքային դասաւորման մէջ աւարտական դասարանէն Արազ Խտըրեան հանդիսացաւ երրորդ, իսկ յաջորդ օրը ան մասնակցեցաւ Լիբանանի բոլոր նահանգներու դպրոցական ախոյեանութեան աւարտական մրցումին եւ անգամ եւս գրաւեց…

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐՑԱԽԸ

«…Միայն մե՛նք կրնանք տալ մեր անկախութիւնը մեզի: Մենք ինքնե՛րս պէտք է ձեռք բերենք ե՛ւ մեր հայրենիքը, ե՛ւ մեր անկախութիւնը յարատեւ մաքառումով, յամառ կամքով ու վճռականութեամբ, իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով կտոր-կտոր, փրցնելով ծուէն-ծուէն: Իսկ եթէ ձեռք բերել չենք կրնար, իրաւունք չունինք ապրելու իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ…»:  («Մեր անկախութիւնը» Լեւոն Շանթ,…

ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար 2024-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) եւ կինը՝ Տիկ. Կարինէ Չոլաքեան այցելեցին Ճեմարան: Անոնք զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ: Տիկին Չոլաքեան նախակրթարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «Արբունքի տարիքի բախումները դասընկերներու եւ ծնողներու հետ» նիւթը:  Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան միջնակարգի աշակերտներուն խօսեցաւ…

ԼԵՎԱՄ. ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ

Կիրակի, 18 Փետրուար  2024-ին, Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. Մարզամշակութային Համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած Փինկ Փոնկի մրցաշարքը: Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 10 տարեկան եւ վար աղջիկներ՝ Վանա Մումջօղլեան (առաջին) 10 տարեկան եւ վար տղաք՝ Գրիգոր Սաթոյեան…

ՀՐԱԿ-ԴՐՕ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին տեղի ունեցաւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի (USJ) կազմակերպած միջդպրոցական փինկ փոնկի մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներէն Արազ Խտըրեան եւ Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մրցաշարքին Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ առաջին, կը շնորհաւորենք զինք: 

«ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքն ու Հայրենասիրութիւնը» խորագիրով համագումարը, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն՝ Կայէլ Ատուրեան, Արի Չափարեան, Նարեկ Չերքէզեան, Աւօ Միքայէլեան եւ Ժան Կարապետեան: Համագումարի մանրամասնութիւնները զետեղուած են Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի դիմատետրի…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ ՀԵՏ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայողը տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն պատմութիւն մը պատմեց եւ անոնց հետ խօսեցաւ զգացում արտայայտելու կարեւորութեան եւ զգացումներու տեսակներուն մասին:

ԼԵՎԱՄ-ՃԱՏՐԱԿ

Կիրակի, 11 Փետրուար, 2024-ին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ճատրակի 2023-2024 տարեշրջանի մրցումները: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 10 տարեկանէն վար աղջիկներ՝  Նայիրի Նիւրբեթլեան (առաջին), Սօսէ Սեփեթճեան (երկրորդ): 12 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Սէրլի-Ճիւլիա Մարատեան (երկրորդ): 12…