chahagir«Ջահակիր»ը Լսարանական Միութեան թերթն է, որ հիմնուած է 1948-49-ին, եւ կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Շատ համեստ կողքով սակայն հարուստ պարունակութեամբ, նախնական միջոցներով (ձեռագիր), «Ջահակիր»ը տարուէ տարի բարելաւուելով հասած է մեր օրերու գունաւոր եւ ճաշակաւոր կողքով գեղեցիկ հրատարակութեան՝ լսարանական աշակերտներու յօդուածներով Հայերէնի ուսուցիչներու ջանքերով եւ հսկողութեամբ (Մ. Իշխան, Գ. Շահինեան, Յ. Քիւրքճեան, Շ. Տասնապետեան, Շ. Մկրտիչեան):

«Ջահակիր»ի էջերուն մէջ կը հանդիպինք գրական շնորհք ունեցող ուսանողներու՝ հետաքրքրական յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու, գրական, բանաստեղծական փորձերու եւ սրամտութիւններու:

«Ջահակիր»ի մէջ իրենց սկզբնական քայլերը նետած են եւ յօդուածներ ստորագրած՝ Ա. Ալիքեան, Յ. Գեղարդ, Գրիգոր Շահինեան, Յակոբ Իսկէնտէրեան, Սարգիս Զէյթլեան, Վարանդ Փափազեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Գրիգոր Պլըտեան:

«Ջահակիր»ը կը հրատարակուի իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին: