lsaranaganԼսարանական միութիւնը Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. ԺԱ. ԺԲ. դասարաններու աշակերտական միութիւնն է, որուն նպատակն է համախմբել զանոնք եւ իրականացնել դաստիարակչական աշխատանքներ, զարգացնել անոնց մօտ ինքնավար դառնալու եւ գործակցելու կարողութիւնը. վարժեցնել եւ խորացնել ճեմարանական ոգին: Լսարանական դասարաններու ուսուցիչներէն մէկուն կը յանձնուի աշակերտներուն հետեւելու պարտականութիւնը:

Լսարանական ընդհ. ժողովէն ընտրուած ատենապետ մը եւ իւրաքանչիւր դասարանէ նշանակուած 2 անդամ կը կազմեն եօթը հոգինոց վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ տարուան ընթացքին կատարուելիք աշխատանքները: Աշակերտները ըստ իրենց նախասիրութեան եւ հետաքրքրութեան մաս կը կազմեն զանազան խմբակներու՝ գիտական, գրական, երաժշտական, թատերական, մարզական, համակարգիչի, լեզուներու, նկարչական, լուսանկարչական, եւլն:

Լսարանական միութեան վարչութիւնը կ’առաջացնէ նաեւ «Ջահակիր»ի խմբակը, որ հայերէնի դասատուի ղեկավարութեամբ կը ստանձնէ ջահակիրը խմբագրելու, թեմաներ ընտրելու, նիւթեր հաւաքելու, մեքենագրելու եւ տպագրութեան յանձնելու գործը: «Ջահակիր»ը Տարեվերջի աւարտական հանդէսին կը ներկայացուի հանդիսատեսներուն:

Լսարանական աշխատանքներուն շաբաթական մէկ պահ կը տրամադրուի եւ իւրաքանչիւր խմբակ իր աշխատանքը կը տանի:

Լսարանական միութեան վարչութիւնը կը կազմակերպէ աշակերտական ներքին ձեռնարկներ՝ դասախօսութիւններ, այցելութիւններ՝ ցուցահանդէսներու, թատերական, երաժշտական ձեռնարկներու, «մարզական օր» պասքէթպոլի, Ֆութպոլի մրցումներ, հարցազրոյցներ՝ գրողներու, արուեստագէտներու հետ, Ճեմարան այցելող Հայաստանէն կամ արտասահմանէն հիւրերու հետ հանդիպումներ:

Լսարանական միութեան վարչութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ ներքին ձեռնարկներ՝ Ապրիլ 24-ի, Մայիս 28-ի, Արցախի, Երկրաշարժի զոհերուն, Շուշիի Ազատագրման նուիրուած, որոնց կը մասնակցին յաճախ միջնակարգ դասարանները: