Հայ Ճեմարանը իր անդրանիկ հունձքը տուաւ 1935-ին, 8 շրջանաւարտ՝ հինգ գրական, երեք գիտական ճիւղէն:

1936 Յունուարին հիմնուեցաւ Շրջանաւարտներու Միութիւնը:Հիմնադիր ճեմարանաւարտները նշանակեցին երեք հոգինոց յանձնախումբ մը, որ պատրաստեց միութեան Ծրագիր-Կանոնագիրը:Պատրաստուած ծրագիրը ներկայացուեցաւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան եւ Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան առ ի վաւերացում :

Շրջանաւարտներու Միութեան հիմնական նպատակը կ’ըլլայ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ զարգացնել եւ տարածել:

Ա. եւ Բ. սերունդները 1936-ին ընդհ. ժողով մը կը գումարեն, ուր միութեան նպատակը իրագործելու հիմնական կալուածները կը մշակուին.

  • Գրական գիրքեր եւ սեփական թերթ հրատարակել.
  • Դասախօսութիւններ կազմակերպել.
  • Համազգայինի եւ Ճեմարանի ձեռնարկներուն օժանդակել.
  • Ճեմարանի մատենադարանին եւ գիտաշխատանոցին զարգացման սատարել.
  • Սաներ պահել Ճեմարանի մէջ.
  • Ճեմարանաւարտները ազգային կամ օտար հաստատութիւններու մէջ տեղաւորել:

Առաջին ընդհ. ժողովին կ’ընտրուի Շրջ. Միութեան առաջին Վարչութիւնը, որ անմիջապէս գործի կ’անցնի եւ 1936-ին կը հրատարակէ «Երգիծական Ժողովածու» մը:Յաջորդ տարին «Պատմուածքներու Հաւաքածոյ» մը:Ապա, Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեամբ, մասնակցութեամբ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան եւ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կը հրատարակուի Ա. Զամենեանի «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան» գործը:

1944-ին կը սկսի լոյս տեսնել «ԱԿՕՍ» պարբերաթերթը առաջին աւարտականներէն Գառնիկ Բանեանի խմբագրութեամբ:«Ակօս»-ի շուրջ կը ստեղծուի գրական հետաքրքրութիւն եւ շարժում:«Ակօս»ը շուտով կը դառնայ օճախ մը գրական բոլոր սեռերուն եւ հին ու նոր գրողներուն:

1946-47-ին հիմը կը դրուի գիշերային ընթերցասրահի դրութեան, ուր գրական հետաքրքրութիւն ունեցողներ գրական շրջանակ մը կը ստեղծեն:

Շրջանաւարտներու միութիւնը կը ծրագրէ եւ կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ հայաշատ կեդրոններու մէջ՝ գրական, գեղարուեստական, գիտական զանազան նիւթերով:Մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն պատմական կամ գրական դատավարութիւնները:

1937-ին կը կազմուի թատերախումբ մը. շրջանաւարտները կը բեմադրեն Շիրվանզադէի «Պատուի համար»ը, 1939-ին Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբարը»:Երկուքն ալ Գասպար Իփէկեանի ղեկավարութեամբ:Երբ Համազգայինը մնայուն թատերախումբ կ’ունենայ, մասնաւոր շնորհք ունեցող ճեմարանաւարտները կը միանան Համազգայինի խումբին:

1960-էն սկսեալ Շրջանաւարտներու միութիւնը մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն կ’ապրի:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին շրջանաւարտներէն շատեր երկրէն կը մեկնին. ըստ վիճակագրութեան մը, շրջանաւարտներուն 60% -ը Լիբանանէն դուրս կը գտնուի եւ ցրուած է զանազան երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ֆրանսա, եւլն:

Պատերազմի ընթացքին «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ Շրջ. Միութեան տրամադրուած սենեակը անգործածելի կը դառնայ, արխիւներն ալ լրիւ կը փճանան:

1980-էն ետք, Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութիւնը աշխատանքի կը վերսկսի Պուրճ-Համուտի Ճեմարանին մէջ:Վերջապէս, կը փոխադրուի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան՝ տնօրէնութեան տրամադրած սենեակին մէջ նոր զարթօնք մը ապրելու:

Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան հասոյթի աղբիւրներն են՝
անդամավճարները ուրախ կամ տխուր առիթներով, նուիրատուութիւններ, ձեռնարկներ, պարահանդէս, գեղարուեստական երեկոներ, վիճակահանութիւն, եւլն:Գոյացած գումարները կը յատկացուին ուսանողական հիմնադրամին (1957-ին հիմնուած՝ համալսարանական աւարտականի մը տրամադրելի) եւ Ճեմարանի սաներու Ֆոնտին:

Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութիւնը սովորութիւն մը որդեգրած է՝ ամէն տարի ընդհանուր ժողովին այդ տարեշրջանի աւարտական դասարանը կը կնքուի մահացած տնօրէնի, ուսուցիչի, շրջանաւարտի, գրողի, ազգային գործիչի, նահատակի մը անունով. սերունդներու շարքը կը սկսի Նիկոլ Աղբալեանով. կը յաջորդեն՝ Լեւոն Շանթ, Գառնիկ Գիւզալեան, Գասպար Իփէկեան, Աւետիս Ահարոնեան, Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան, Պարոյր Սեւակ, Բարսեղ Կանաչեան, Արշաւիր Շիրակեան, Կարօ Սասունի, Օննիկ Մաճառեան, ՐաՖՖի Տատեան, Հուրի Իփէկեան, Կարօ Սիւրմէլեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Սագօ Սարգիսեան, Վահէ Չէօփճեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Ներսէս Խիւտավէրտեան, Բաբգէն Փափազեան, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան, Շաւարշ Թորիկեան, Կարօ Գաբլանեան, Վիգէն Զաքարեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Սօսի Սեփէթճեան, Մարք Արտալճեան, Լուի Օհանեան, Հրաչ Տասնապետեան, Եղիկ Գոնեալեան, Եոլանտ Աճէմեան սերունդները:

Պատերազմի տարիներուն երբեմն աւարտական հանդէս տեղի չունեցաւ, կարելի չեղաւ ընդհանուր ժողով գումարել եւ այդ տարիներու շրջանաւարտները անուն չունեցան:

Ճեմարանի շրջանաւարտները կապուած կը մնան մայր հաստատութեան եւ չեն մոռնար Ճեմարանի ընտանեկան ու հարազատ մթնոլորտը:

 

Like us on Facebook!