Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինը կը բաղկանայ Ժ. ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններէն: Հոս աշակերտը կը պատրաստուի Ֆրանսական եւ Լիբանանեան պաքալօրէաներուն: Աշակերտը Ժ. դասարանը աւարտելէ ետք, ըստ իր նախասիրութեան եւ ատակութեան կ’անցնի ԺԱ. գրական կամ գիտական դասարան:

Այս բաժնի աշակերտները եւս, հակառակ երկու պաքալօրէաներու պատրաստութեան, կը հետեւին Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան ամբողջական ծրագրին՝ Հայ Գրականութեան ու Հայոց Պատմութեան դասապահերուն կողքին կը ծանօթանան նաեւ Հայ Մատենագրութեան, Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան եւ Գրաբարին:

Ճեմարանի երկրորդական բաժնի աշակերտները կը պատրաստուին նաեւ միութենական կեանքի, անոնք կ’անդամակցին աշակերտական Լսարանական Միութեան, որ կը բաղկանայ վարչութենէ մը եւ աշակերտական խմբակներէ: Իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին միութիւնը կը հրատարակէ «Ջահակիր»ը, որուն էջերուն մէջ կը հանդիպինք հետաքրքրական յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու, գրական եւ բանաստեղծական փորձերու եւ սրամտութիւններու:

Սովորութիւն դարձած է Երկրորդական դասարանի աշակերտներուն երկօրեայ ձիւնագնացութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ վերջին տարիներուն, ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութիւնը Ապրիլ 24-ի առթիւ կազմակերպուող աշակերտական ուխտագնացութեան:

ֆրանսական եւ լիբանանեան Պաքալորէաներու պետական բոլոր քննութիւններուն, Ճեմարանի աշակերտները կ’ապահովեն փայլուն արդիւնքներ: