Բուն նախակրթարանի՝ Դ. Ե. Զ. կարգերու աշակերտները 9-12 տարեկան պատանիներ են: Անոնք հոս կը շարունակեն իրենց կազմաւորումը՝ իբրեւ հայ պատանիներ, հետզհետէ խորացնելով իրենց գիտելիքները, զարգացնելով քննական միտքը եւ դրականօրէն հակազդելով իրենց շրջապատին:

Ուսուցչական կազմի բծախնդիր ու հետեւողական հետապնդումին կ’արժանանան բոլոր աշակերտները, կը գումարուին մանկավարժական ժողովներ, որոնք կը միտին աշակերտին ընդհանուր վիճակը քննել եւ ըստ այնմ օգնել անոր բարելաւումին: Այս ծրագրին զուգահեռ այս բաժինէն ներս կը գործադրուի տարուան մը վրայ երկարող ձեռնարկներու շարք մը՝ տօներու կամ յիշատակներու առթիւ: Այսպէս, Նոր Տարուան, Վարդանանքի, Արցախեան պահանջատիրութեան, Ապրիլեան ցեղասպանութեան, Հայաստանի անկախութեան տօներու առթիւ, Դ. Ե. Զ. կարգերու աշակերտները ելոյթ կ’ունենան ատենամարզանքի իրենց պահերուն պատրաստած երգը, պարը, նկարչական գործերը եւ թատերական ելոյթը ներկայացնելու : Այսպիսով անոնք կը ծանօթանան հայ արուեստի տիտաններու աշխատանքներուն, կը գործակցին նոյն նպատակի իրագործումին համար եւ ձեռք կը ձգեն բեմէն ելոյթ ունենալու համարձակութիւնը:

Նոյն առիթներով կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ եւ ուսուցիչներու ու աշակերտներու միասնական ճիգերով յարկերու պատի թերթերը կ’արձագանգեն աշակերտական կարծիքներուն ու կ’անդրադառնան օրուան պատգամին:

Բաժնի աշակերտները իրենց մեծաթիւ մասնակցութիւնը կը բերեն գաղութէն ներս կազմակերպուած բոլոր մրցանքներուն (գեղարուեստական, մարզական, լեզուական) ու կ’ապահովեն պատուաբեր արդիւնքներ:

Վերջապէս, աշակերտները սիրայօժար կը մասնակցին հայկական թէ տեղական բարեսիրական հաստատութիւններուն կազմակերպած հանգանակութեան արշաւներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բարեկարգումի դրամահաւաքներուն եւ կանուխէն կը վարժուին բաժնելու ուրիշներու հոգերը: