Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտներուն դասացուցակը խճողուած է. անոնք միաժամանակ կը պատրաստուին պետական քննութիւններուն եւ կը հետեւին Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան ծրագրին՝ շաբաթական վեց պահ Հայերէն լեզու եւ երկու պահ Հ. Պ. £ Այսուհանդերձ աշակերտները առիթը կ’ունենան նաեւ արտադասարանային աշխատանքներ կատարելու, ձեռնարկներու մասնակցելու կամ այցելութիւններ տալու:

Սովորութիւն դարձած են կաղանդի խրախճանքը դպրոցէն ներս, մեր ազգային տօներէն մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, Մայիս 9-ին Շուշիի ազատագրման եւ Մայիս 28-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի նշումը եւ Մայիս ամսուան տարեկան պտոյտը: Իբրեւ մշակութային ձեռնարկ՝ աշակերտները ներկայ կը գտնուին կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած գիրքի ցուցահանդէսին: Այս դասարանի աշակերտներուն առիթ կը տրուի նաեւ ներկայ գտնուելու Ս. Նշանի մէջ կատարուող Միջինքի արարողութեան:

Միջնակարգի աշակերտները կը մասնակցին նաեւ զարգացման, գծագրութեան եւ շարադրութեան մրցանքներու: Յիշենք նաեւ, որ աշակերտները կը կատարեն պատի թերթի աշխատանքներ Հայկական եւ այլազան նիւթերու մասին:

Միջնակարգի աշակերտները ամէն տարեշրջանի աւարտին կը հրատարակեն «Կանթեղ»ը, որ կը հանդիսանայ իրենց գրական փորձերուն, բանաստեղծութիւններուն եւ խոյզերուն արձագանգը: