Ճեմարանի Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզը (նախապէս Հ.Օ.Մ. մանկապարտէզ) կառուցուած է Ծաղկաձորի բլուրներէն մէկուն վրայ,հեռու քաղաքի ժխորէն: Մանկապարտէզը առանձին կառոյց մըն է, գրաւիչ որմնանկարներով ու գունաւոր պատերով, սրահներով եւ փակ ու բացօթեայ խաղավայրերով. իւրաքանչիւր դասարան ունի իր պարտէզը:

Մանկապարտէզը ունի երեք բաժանումներ՝ վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններ: Դասարաններու առարկաներուն սարքաւորումն ու յարդարումը խանդավառ ու աշխոյժ աշխատանքի խթան կը հանդիսանան: Երեխան պէտք է ապահով ու հանգիստ զգայ դասարանէն ներս: Ան իր ստեղծագործութիւններով կը մասնակցի դասարանին յարդարումին:

Մանկապարտէզի ծրագիրը

Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու ծրագրին առօրեայ աշխատանքները խմբուած են կեդրոնական նիւթերու շուրջ: Այս նիւթերը առնուած են երեխային անմիջական շրջապատէն, իր հետաքրքրութեան աշխարհէն: Ծրագիրը կը նպատակադրէ փոքրիկին տալ մտային զարգացում եւ ընկերային,բարոյական, ֆիզիքական ու գեղարուեստական կրթութիւն:

Մանկապարտէզէն ներս կը յարգուի երեխային ռիթմը: Կը փորձուի գոհացնել անոր բոլոր պահանջները՝ յատկապէս ստեղծագործութեան պահանջը, եւ այս բոլորը գծագրութիւններով, ձեռային աշխատանքներով, թատրոնով, խամաճիկով, երգի պահերով ու ռիթմիքով:

Երեխան կը պատրաստուի ընկերութեան: Մանկապարտէզը փոքր ընկերութիւն մըն է, ուր փոքրիկը շփման մէջ պիտի մտնէ իր նմաններուն հետ, ինչպէս նաեւ յարաբերութեան մէջ պիտի մտնէ Մանկապարտէզի անձնակազմին զանազան անդամներուն հետ (ուսուցիչ, մայրիկ…) եւ պիտի տեսնէ թէ որոշ օրէնքներ կան, որոնց պէտք է ենթարկուի: Այդ պատճառաւ ալ կարելի եղածին չափ առիթ կը ստեղծուի կապի մէջ մտնելու արտաքին աշխարհին հետ, արտադպրոցական պտոյտներ եւ այցելութիւններ կազմակերպելով: Այս պտոյտներուն նպատակը՝

  1. Երեխաները դուրս բերել իրենց հարցերէն:
  2. Ամրապնդել դասարանէն ներս անոնց սորվածները:
  3. Զարգացնել երեխային փնտռտուքի փափաքը:
  4. Զարգացնել անոր դիտելու եւ արտայայտուելու կարողութիւնները:

Մեզի համար շատ կարեւոր է նաեւ ծնողք-դպրոց յարաբերութիւնը, որովհետեւ այսպիսով կ’ապահովուի երեխային դաստիարակութեան շարունակականութիւնը. երբ այս յարաբերութիւնը ամուր է, երեխան աւելի ապահով կը զգայ: