Տարրական բաժինը կ’ընդգրկէ առաջինէն մինչեւ երրորդ դասարաններու աշակերտութիւնը: Բաժինը կը գտնուի դպրոցին ամենավարի երկու յարկերուն վրայ: Բաժինը ունի իր յատուկ անձնակազմն ու ուսուցչակազմը, գոց բակը, սրահն ու գրադարանը : Պատերը զարդարուած են ցուցատախտակներով, որոնց վրայ յաճախ կը ցուցադրուին աշակերտներուն աշխատանքները: Դասարանները ընդարձակ են. գունաւոր աթոռներն ու սեղանները կը համապատասխանեն աշակերտներուն տարիքին ու հասակին:

Այս բաժինին մէջ աշակերտը կը շարունակէ ունենալ մանկապարտէզի գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը, բայց որոշ սահմաններու մէջ: Բաժինի ուսուցչական կազմը, գրեթէ ամբողջութեամբ, բաղկացած է համալսարանաւարտ անձերէ: Մեծ մասը մամաներ են կամ ապագայի մամաներ:

Ուսուցչական կազմին նպատակն է պատրաստել ազատ, անկախ, ինքնաբաւ եւ նախաձեռնող աշակերտներ: Բաժինին մէջ դաստիարակութիւնը ամբողջական է. աշակերտը հաւասարապէս կը ստանայ մարմնական , զգացական, մտային եւ ընկերային դաստիարակութիւն : Դասապահերը կը սկսին առաւօտեան ժամը 7:30 ին եւ կ’երկարին մինչեւ ժամը 3:00 : Նկատի ունենալով աշակերտներուն փոքր տարիքը եւ պետութեան կողմէ պարտադրուած ծանր ծրագիրը՝ դասացուցակին մէջ դասապահերէ բացի կը տեսնենք ատենամարզանքի, երգի, պարի, նկարչութեան, ձեռային աշխատանքի, ռիթմիքի եւ թատրոնի պահեր: Այս պահերը կը զարգացնեն աշակերտներուն Ֆիզիքական կարողութիւններն ու գեղարուեստական ճաշակը:

Տարրական բաժինի աշակերտները ո՛չ քննութիւն կ’ընեն , ոչ ալ նիշ կը տեսնեն: Իրենց աշխատանքները կը գնահատուին «Ա-Բ-Գ»ի դրութեամբ: Աշակերտին բացատրուած է , որ Ա-ը եւ Բ-ը ցոյց կու տան , թէ ինք որքանո°վ իւրացուցած է բացատրուած դասը, որքանո°վ կը տիրապետէ նիւթին, որքանով ընդունելի է սխալներուն (եթէ կան) քանակը:

Տարրական բաժինը կը կազմակերպէ ներքին եւ արտաքին ձեռնարկներ՝ Ամանոր, Վարդանանք, Բարեկենդան, Ապրիլ 24, Մայիս 28… Իսկ արտադպրոցական պտոյտներն ու այցելութիւնները յաճախակի են: