ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2015-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Հայկ Աւետիս եւ Նանի Գալուստեան -ԺԱ. գրականէն՝ Քրիստ Բրուտեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Յակոբ Թաշճեան -ԺԲ. գրականէն՝ Կրէյս Միսիրեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Քրիսթել Յովսէփեան Լսարանական Միութեան աշակերտները 8 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Լսարանական Միութեան պատասխանատուներ…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2015-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ճեմարանական նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկը: Բացման խօսքը կատարեց Քրիստ Բրուտեան, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ յատուկ պատրաստուած նահատակներուն յիշատակին: Այնուհետեւ Ճեմարանի ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց ինը նահատակներուն կեանքը, գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Ճեմարանական նահատակներն են՝ Յակոբ Պօղոսեան, Ժիրայր Խրիմեան, Սարգիս Պէքարեան,…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 21 Յունուար եւ Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ին, Լսարանական Միութեան պահերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ նոր սերունդին մարտահրաւէրներուն եւ թրքական ու հայկական քարոզչական աշխատանքներուն մասին: Դասախօսն էր դպրոցի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան ըսաւ, թէ ի՛նչպէս հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին թրքական հակաքարոզչութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Թուրքերը շատ…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած հայկական եւ լիբանանեան երեկոն: Ճաշակելէ ետք հայկական տոհմիկ ճաշերն ու լիբանանեան յատուկ ուտելիքները, խնճոյքին բացումը կատարուեցաւ հայկական շուրջպարով, որմէ ետք պարային ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ լիբանանեան, հայկական թէ օտար երգերու ընկերակցութեամբ: «Քարաոքէ»ի ժամանակ խանդավառութիւնը…

ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի Տարածման Ծրագիրներու Աւագ Վարիչ Անի Կարմիրեան: Ան աշակերտներուն հետ խօսեցաւ հայերէն լեզուի եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի պահպանման մասին եւ քաջալերեց աշակերտները պատրաստելու հայերէն լեզուի համակարգչային յատուկ ծրագիրներ՝ մանուկներու թէ մեծերու համար: Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան հայերէն լեզուի ուսուցումը…

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Ցեղասպանութեան 100 ամեակի յանձնախումբին կազմակերպած առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Նեմեսիս գործողութեան Լիզպոն զոհուած 5 երիտասարդներուն եւ արդարութեան մարտիկներուն: Գեղամ Հաւաթեանի բացման խօսքի ընթերցումէն ետք Ռիթա Ֆերմանեանն ու Նարօտ Նորամանեանը միասնաբար խօսեցան Նեմեսիս գործողութեան մասին, որ տեղի…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ին, Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան միամեայ ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները. -Քարոզչական/դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ նահատակ ճեմարանականներուն նուիրուած ձեռնարկ, ֆիլմի ցուցադրութիւն (ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած), Ճեմարանի 85 ամեակի նշում, Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ, զարգացման մրցում: -Ընկերային ձեռնարկներ՝ հայկական/լիբանանեան տոհմիկ երեկոյ,…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2014-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Արզնի Արսլանեան եւ Քրիստ Բրուտեան -ԺԱ. գրականէն՝ Կալի Խիւտավերտեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Նարօտ Քեչեպաշեան -ԺԲ. գրականէն՝ Մարիա Մարտիրոսեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Արին Աճեմեան Լսարանական Միութեան աշակերտները 15 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Պրն. Վաչէ Ծատուրեանի։…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Ալիք Գանտահարեան, որ ըսաւ թէ բոլորր ձեռնարկները իրագործուեցան այս տարի: Լսարանական Միութեան գանձապահ Շանթ Տէրունեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 5 790 000 Լ.Ո.: Այս գումարէն 300 000 Լ.Ո. փոխանցուեցաւ յառաջիկայ…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին Լսարանական Միութիւնը կազմակերպեց զարգացման մրցում մը միջնակարգի աշակերտութեան համար: Մրցումի ընթացքին հարցուեցան Պատմական, Գրական, Մարզական եւ Այլազան հարցումներ: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ ճիգ թափեցին լաւ արդիւնք ապահովելու: Ի վերջոյ յաղթեց Արշաւիր Շիրակեան Խումբը:

ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ապրիլեան ձեռնարկը: Լսարանական Միութեան Նախագահ Ալիք Գանտարեանի բացման խօսքէն ետք, Հրակ Գարամինասեան երգեց եւ նուագեց «Սարերի Քամի» երգը, Ապա Ժ.-ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած բանավէճ մը, որուն ընթացքին տրուեցան թեր եւ դէմ կարծիքներ հայոց Ցէղասպանութեան մասին: Բանավէճէն…

«ԹՈՒՄՕ»՝ ԾՐԱԳՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2014-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութեան կեդրոնի տնօրէնուհի եւ ճեմարանաւարտ Մարի-Լու Փափազեան: Ան ներկայացնելէ ետք իր կեանքը բացատրեց, թէ ի՛նչ է ԹՈՒՄՕ-ն եւ ինչպէս կը գործէ ան: ԹՈՒՄՕ-ն այն կեդրոնն է, ուր 12-18 տարեկան պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կը մատուցուին անվճար դասընթացքներ՝ համակարգչային խաղերու ստեղծման,…