ՍԵՒԱԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի 2005-2006 տարեշրջանի շրջանաւարտ Սեւակ Պապիկեան: Ան իբրեւ ճարտարագէտ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ուր նաեւ կը դասախօսէ: Սեւակ Պապիկեան աշակերտներուն ներկայացուց իր կատարած եւ 3D ձեւաչափով գործող տպագրական գիւտը, որուն շնորհիւ ան հասած է «Stars of science» միջազգային մրցանքի…

ՌԻՕ – ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ 2016

Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «2016-ի ողիմպիական խաղերը Ռիոյի մէջ» խորագիրով: Դասախօսն էր Վաչէ Ծատուրեան, որ անձամբ ներկայ գտնուած էր ողիմպիական խաղերուն, իբրեւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամ: Ան նախ ներկայացուց ողիմպիական խաղերուն պատմականը, ապա նշեց, թէ ի՛նչպէս այս տարուան խաղերը իւրայատուկ էին տեղի…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան միամեայ ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները.   -Քարոզչական/դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի ոգեկոչում, Ճեմարանի նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկ, զարգացման մրցում, Արցախի ազատամարտիկներուն նուիրուած ձեռնարկ, Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, դասախօսութիւններ՝ Հայ Դատ, զինուորական եւ արաբական աշխարհին մասին:…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով.   -Ժ1. դասարանէն՝ Արի Աւետիս -Ժ2. դասարանէն՝ Կալի Միսիրեան -ԺԱ. գրականէն՝ Լոռի Գորեսեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Ռազմիկ Տէրունեան -ԺԲ. գրականէն՝ Նազօ Եագուպեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Նշան Կուրղիկեան   Լսարանական Միութեան աշակերտները Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Լսարանական…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան, որ յայտնեց 2015-2016 տարեշրջանին միութեան կատարած ձեռնարկներուն ընթացքը եւ նշեց որ վարչութիւնը իր կարելին ըրաւ, որպէսզի յաջող գործունէութիւն ունենայ: Լսարանական Միութեան գանձապահ Քրիսթէլ Յովսէփեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ Չալեան սրահին մէջ: Զրոյցը վարեց Պրն. Վաչէ Ծատուրեան, որ ներկայացուց Արցախի հարցի ծագման աշխարհաքաղաքական դրդապատճառները: Ան իր դիտանկիւնէն ներկայացուց Միջազգային ընտանիքին վարած քաղաքականութիւնը Արցախի հարցին նկատմամբ, բացատրեց Մինսքի խմբակի կեցուածքը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնները, Ալիեւի Ա.Մ.Ն….

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած կլոր սեղանը՝ նուիրուած Ճեմարանի հիմնադրութեան 86-րդ ամեակին: Կլոր սեղանի բանախօսներն էին տարբեր սերունդներէ ճեմարանականներ՝ Օրդ. Ալիս Գազանճեան, Պրն. Տիգրան Ճինպաշեան եւ Պրն. Վաչէ Ծատուրեան, որոնք ճեմարանականի իրենց յուշերն ու վկայութիւնները կիսեցին նոր սերունդին հետ: Ասպիսով, Օրդ. Ալիս պատմեց…

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ մը: Բացման խօսքը կատարեց Լսարանական Միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան: Ան նշեց, թէ պատմութեան ընթացքին զանազան ժողովուրդներ միշտ ալ ձգտած են իրենց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ դիմած են անկախ ապրելու եւ բռնութիւններու դէմ…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 8 եւ Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած աւանդական ձիւնագնացութիւնը: Առաւօտեան ժամը 11-ին երկրորդական բաժինի աշակերտները նախաճաշելէ ետք ճամբայ ելան դէպի Ֆարայա, ուր հասնելէ ետք սկսան ձիւնով խաղալու եւ ըմբոշխնելու Լիբանանի ձիւնածածկ գագաթները: Հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք, աշակերտները ուղղուեցան դէպի հիւրանոց, ուր հանգչեցան,…

ԺԱԳ ՔԷՊԱՏԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ բեմադրիչ Ժագ Քէպատեան, որ Լսարանական Միութեան աշակերտներուն ցուցադրեց իր “Dis-moi pourquoi tu danses”-ը: Ան շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուց հայ պարարուեստը ֆրանսահայ գաղութին մէջ: Ինչո՞ւ պարը: Պարը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միացնող ազդակ մըն է եւ առաւելաբար հասկնալի է բոլոր ազգերէն: Պարը,…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2015-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան միամեայ ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները. -Քարոզչական/դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի ոգեկոչում, Հրանդ Տինքի յիշատակի ոգեկոչում, Հայ ժողովուրդի նահատակներու ոգեկոչում, Ճեմարանի 86 ամեակի նշում (նաեւ Ճեմարանի տնօրէններէն Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 15 ամեակ), Ցեղասպանութեան…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԳՐԱԳԷՏ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ճեմարան այցելեց սփիւռքահայ գրագէտ, Ճեմարանի շրջանաւարտ Գրիգոր Պըլտեան, որ եղաւ Լսարանական Միութեան հիւրը: Բացման խօսքը կատարեց Լսարանական Միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան, որ ըսաւ, թէ ի՛նչպէս հայերէնի դասագիրքին մէջի գրագէտները միշտ երեւակայական անձեր եղած են, սակայն բախտաւոր պէտք է զգանք բոլորս, որովհետեւ պատիւը ունինք հիւրընկալելու…