ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, իսկ Հիլտա Տումանեան  խօսեցաւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին…

ՌԱԼԻ ՓԷՅՓԸՐ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հինգշաբթի, 3 Մարտ 2022-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան 92-ամեակին նուիրուած Ռալի Փէյփըրը: Երկրորդական բաժինի աշակերտները, 10 խմբակներու բաժնուած, հաճելի ժամեր անցուցին դպրոցին շրջակայքը արշաւելով եւ պատասխանելով դաստիարակիչ ու հետաքրքրական հարցումներուն: Աւարտին, յաղթական հանդիսացաւ Մուշ խմբակը: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մարտին:  

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկը: Բացման խօսքը կատարեց Աւարտական դասարանէն Լիլա Մաքտեսեան: Ան ըսաւ, որ Փետրուարը մեր պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս մըն է, ազգային իրագործումներու ամիս մը, յիշելով Վարդանանց տօնը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը:…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2021-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան զարգացման մրցումը: Լսարանականները Արցախի զանազան շրջաններու անունները կրող խմբակներու բաժնուեցան եւ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած մրցումին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 33-ԱՄԵԱԿ

Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, երկրորդական բաժինի աշակերտները նշեցին Հայաստանի երկրաշարժին 33-ամեակը։ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին կողմէ խօսք առաւ Մեղրի Դարբինեան: Ան 1988-ի երկրաշարժին մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Թէեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը այսօր կ’ոգեկոչէ 1988-ի աղէտալի…

«ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ» ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԹԱՄԱՐ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ին, Ճեմարանի Լսարանական Միութեան «Բարեսիրական» խմբակի անդամները հանդիպում ունեցան վաստակաշատ ընկերային ծառայող, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Թամար Տէր Պետրոսեանի հետ: Ան խմբակի անդամներուն բացատրեց, թէ ի՛նչ է ընկերային գործը ընդհանրապէս երկիրներու մէջ, եւ կառավարութիւնները ինչպիսի՞ ներդրում կ’ունենան բարեսիրական միութիւններու աշխատանքներուն մէջ: Ան…

ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան այս տարուան շատ սպասուած առաջին խրախճանքը:   Ճոխ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, լսարանականները անմոռանալի վայրկեաններ անցուցին երգելով եւ պարելով։   Վարձքը կատա՛ր բոլորին, յատկապէս վարչութեան։

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Արցախի նուիրուած ձեռնարկը։ Միութեան նախագահ Արմէն Եղիայեան արտասանեց բացման խօսքը, ան ըսաւ. «Մենք այս սրահէն ներս Արցախի նուիրուած յաղթանակներ նշած ենք միշտ՝ Արցախի ազատագրում, Շուշիի ազատագրում… Այսօր, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, մենք թէեւ յաղթանակ պիտի չնշենք, սակայն պարտութիւն…

ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Այսօր, 9 Նոյեմբեր 2021-ին, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտի համաձայնագիրէն մէկ տարի անց, Ճեմարանի Լսարանական Միութեան Հայ Դատի յանձնախումբը ամբողջ օրուան ընթացքին ազգային երգեր սփռեց Ճեմարանի բակերուն մէջ, իսկ առաւօտեան զբօսանքին աշակերտները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին պատերազմի նահատակներուն յիշատակը, եւ յանձնախումբին կողմէ Ճորճ Տէմիրճեան այս առիթով ընթերցեց  իր հետեւեալ…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2021-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով.   -Ժ. դասարանէն՝ Պազարպաշեան Նանար եւ Կիւրիւնլեան Հրակ Դրօ   -ԺԱ. դասարանէն՝ Պապիկեան Արէն եւ Գարաճեան Նայիրի   -ԺԲ. դասարանէն՝ Զարմէնեան Փաթիլ եւ Պուտաքեան լէա։   Լսարանական Միութեան աշակերտները 14 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ 21 եւ Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան աւանդութիւն դարձած ձիւնագնացութիւնը Ֆարայայի «Mount Smash» պանդոկէն ներս: Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը տեղի ունեցան՝ ձիւնի վրայ խաղ, արշաւ, պանդոկէն ներս խաղեր՝ զարգացման մրցում, բանավէճ, քարաօքէ…: Շատ հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք երկրորդական բաժինի աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան հանդիպումը փրոֆեսէօր, պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեանի հետ, որ ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն ետք Փետրուարեան ապստամբութիւնը՝ դրդապատճառներն ու հետեւանքները, ապա անցնելով 70 տարիներու Խորհրդային Հայաստանէն, ան աշակերտներուն խօսեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին մասին, շեշտելով պատմական այս երկու հանգրուաններուն կարեւորութիւնը հայ ազգին համար: Աւարտին…