ՌՈԼԱՆՏ ՇԱՌՈՅԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ազգային խորհուրդի անդամ, գրող, հրապարակախօս Ռոլանտ Շառոյեան:

Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեան հրաւիրեց օրուան հիւրը, որ նախ պատմեց յուշ մը նահատակներ Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի հետ իր անցուցած երեկոյին մասին. անոնք Հայաստան հասած էին ու կը պատրաստուէին Արցախ մեկնելու մասնակցելու համար ազատագրական պայքարին: Շառոյեան ըսաւ, որ այդ տղոց մեզի փոխանցուած աւանդն ու կտակը պէտք է պահպանենք: Ապա խօսելով Լիբանան իր այցին մասին, ան անդրադարձաւ որ դպրոցներ, ակումբներ ու զանազան միութիւններ շրջելով, հայրենիք պիտի վերադառնայ նորօրեայ մտահոգութիւնները փարատող յոյսերով, որովհետեւ լիբանանահայ նոր սերունդին մէջ տեսած է խիզախ, պայքարող եւ հայեցի դաստիարակութեամբ սնուած երիտասարդութիւն: Ան ըսաւ, որ Լիբանանն ու Սուրիան այն իւրայատուկ գաղութներն են, որոնք կառչած մնացին իրենց ինքնութեան եւ մշակոյթին ու պահեցին իրենց կապուածութիւնը հայրենիքի հանդէպ: Ապա ան խօսեցաւ Կարօ Սասունիի գործունէութեան եւ հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդի կազմակերպչական գործերուն մասին: Նշեց, թէ ի՛նչպէս Սասունին եւ անոր նմանները կրցան փրկել տարագիր հայութիւնը ու ազգային հարցերը վեր դասեցին իրենց անձնական կեանքէն: Շառոյեան յորդորեց շարունակել անոնց Սուրբ Գործը՝ դառնալու համար Սասունիի, Վրացեանի ու անոնց նմաններուն արժանաւոր ժառանգորդները: Ռոլանտ Շառոյեան իր խօսքի աւարտին զրուցեց աշակերտներուն հետ զանոնք յուզող հարցերու մասին:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան