ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ինը ճեմարանական նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումը, ներկայութեամբ անոնց ընտանիքներու անդամներուն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց ԺԲ. դասարանէն Արին Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Կարելի չէ զատորոշել նահատակները, կարելի չէ տարբերութիւն դնել այս կամ այն անհատին միջեւ, որ չէ վարանած իր կեանքը զոհելու յանուն իր գաղափարներուն եւ նպատակներուն: Մեզի համար բոլոր նահատակներն ալ սուրբեր են, բայց անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ մենք՝ Ճեմարանի աշակերտներս, յաւելեալ ներքին հպարտանք մը կը զգանք, երբ կը խօսինք ճեմարանական նահատակներու մասին: Ժիրայր Խրիմեան, Յակոբ Պօղոսեան, Սարգիս Պեքարեան, Սարգիս Զէյթլեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Ներսէս Խիւտավերտեան, Վահէ Չէօփճեան, Կարօ Գափլանեան եւ Վիգէն Զաքարեան, բոլորն ալ մեզի նման օր մը եղած են գաղափարի այս տաճարին՝ Ճեմարանի աշակերտները, հոս անցուցած են իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, հոս ստացած են իրենց ազգային կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, հոս՝ իրենց հոգիներուն մէջ, վառած է սիրոյ բոցը՝ հայութեան ու Հայաստանի նկատմամբ, որոնց պաշտպանութեան, ազատագրումին եւ արժանապատուութեան  պահպանումին համար զոհած են իրենց կեանքերը: Անոնք պիտի շարունակեն մեզի համար ըլլալ  ուժի աղբիւր»:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ’առնուէին Ճեմարանի տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ, ինը նահատակ ճեմարանականներու կենսագրականները, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ անոնց տարած միութենական թէ կուսակցական աշխուժ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց նահատակութիւնը՝ տարբեր ճակատներու վրայ:

Օրուան պատգամախօսն էր Դաւիթ Գազանճեան, որ անդրադառնալէ ետք տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու եւ տարբեր վայրերու մէջ, սակայն միեւնոյն նպատակին համար եւ միեւնոյն համոզումով ու հաւատքով իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած ինը ճեմարանականներէն իւրաքանչիւրին նահատակութեան առիթին, ան ըսաւ. «Այս ինը քաջարիները կը նոյնանան հիմնական մէկ պատճառով՝ ճեմարանական ըլլալով: Ճեմարանը եղած է անոնց հզօր եւ վճռակամ նկարագիրը կերտող աղբիւրը: Ճեմարանը  եղած է ու կը մնայ շարժիչ ուժը  ոչ միայն այս անհատներուն, այլեւ առհասարակ համայն սփիւռքահայութեան, շնորհիւ իր մատուցած կրթական մշակներուն, գրագէտներուն, ազգային գործիչներուն եւ յատկապէս հասարակական կեանքի մէջ աշխուժ դերակատարներու եւ ղեկավարներու»: Ապա ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն շարունակեց. «Դուք ալ պէտք է քաջ գիտակցիք, որ պէտք է ըլլաք արդար ժառանգորդները ոչ միայն Շանթի ու Աղբալեանի, Վրացեանի ու Մուշեղ Իշխանի, այլ նաեւ՝ Յակոբի, Ժիրայրի, Սարգիսներու, Լեւոնի, Ներսէսի, Վահէի, Կարոյի եւ Վիգէնի: Երբ դառնաք շրջանաւարտներ եւ անցնիք կեանքի նոր հանգրուան, ամէնուրեք եւ միշտ պէտք է մնաք տիպար ճեմարանաւարտներ, բարձր պահէք հայ մշակոյթն ու արուեստը, նուիրուիք Հայ Դատի աշխատանքներուն ըլլալով հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող ռահվիրաներն ու ջահակիրները»:

ԺԲ. դասարանէն Արզնի Արսլանեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Նարեկ Ճեմճեմեան երգեցին «Գափլանեան Կարոյի յիշատակին», «Զաքարեան Վիգէնի յիշատակին» եւ «Կամաւորի երգը»՝ Ը. դասարանէն Մայք Ատուրեանի նուագակցութեամբ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծառատնկում սրահի մուտքին, ուր ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: