ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՊԱՐՏԱԿ ՂԱՐԱԲԱՂՑԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին, ժամը 11:30-ին, Չալեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ՝ մասնակցութեամբ միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի բոլոր աշակերտներուն: Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեան:

Աւարտական դասարանէն Սէրուժ Յովսէփեան խօսք առաւ եւ անդրադարձաւ 28 տարի առաջ, իրենց ամէնօրեայ առօրեային ընթացքին զոհ գացած հազարաւոր անմեղ հայերուն, ապա՝ այս տխուր առթիւ խորհրդային Հայաստանի երկաթեայ դռներուն բացուելուն եւ այնուհետեւ սփիւռք-Հայաստան շարունակուող գործակցութեան: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որմէ ետք ժամը 11:41-ին ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը: Այնուհետեւ ԺԱ. դասարանէն Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Հրաչեայ Յովհաննիսեանի «Ոգեկոչում»ը: Ձեռնարկի առաջին բաժինը աւարտեցաւ «Pour toi Arménie» երգի ունկնդրութեամբ:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինը գրական բնոյթ ունէր. ներկայ էին միայն ԺԲ. դասարանի աշակերտները: Նարօտ Սերուժեան ներկայացուց հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, ապա հրաւիրեց Արզնի Արսլանեանն ու Արենի Խաչատուրեանը, որոնք ընթերցեցին երկու պատմուածքներ նոր հրատարակուած «Արեւի բնակավայրը» գիրքէն: Ապա հեղինակը խօսք առաւ եւ պատմուածք մըն ալ ինք ընթերցեց ու ըսաւ, որ իր գիրքին հերոսները կենդանի ու ապրող մարդիկ են, անոնց անուններն անգամ չեն փոխուած,  իսկ պատմութիւնները՝ ապրուած են:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան գրագէտին խօսքին, ապա մեծ գոհունակութեամբ բարձրացան իրենց դասարանները: