ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

22 եւ 23 փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ձիւնագնացութիւնը, Ֆարայա շրջանէն ներս:

Առաւօտեան ժամը 12-ին, դասերը աւարտելէ ետք, երկրորդական բաժնի աշակերտներս խմբուեցանք եւ նախաճաշեցինք, ապա ուղղուեցանք դէպի Ֆարայա, ձիւնին վրայ ժամանակ անցընելու, ինչպէս նաեւ «Դրօշակի խաղը» խաղալու:

Բաւական զուարճանալէ ետք, ուղղուեցանք հիւրանոց, ուր տեղաւորուեցանք եւ հանգչեցանք: Այս տարի բախտը ունեցանք հոն միասնաբար Հ.Մ.Ը.Մ-ի կողովագնդակի խաղը դիտելու: Ապա տեղի ունեցաւ զանազան թեմաներ ընդգրկող զարգացման մրցում մը:

Ընթրիքէն ետք, վարչութիւնը կազմակերպած էր տարբեր տեսակի խաղեր, որոնց շնորհիւ բոլորս միացանք բեմին վրայ սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծելով, պարելով ու երգելով:

Յաջորդ առտու, նախաճաշէն ետք, աշակերտական խմբակներով տեղի ունեցաւ «Rally Paper»-մը Ֆարայայի շրջանէն ներս:

Բոլորիս երեսին վրայ ժպիտ մը գծուած տուն վերադարձանք լաւ յիշատակներով:

Քրիստ Բրուտեան

ԺԲ. դասարան