ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱԼՎՐՑԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեան:

Լսարանական Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, Ալվրցեան յետադարձ ակնարկով մը աշակերտներուն պատմեց, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն Արեւմտահայաստանի մասին տեղեկութիւններ չկային Հայաստանի մէջ. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երբ դռները բացուեցան դէպի արտաքին աշխարհ, մարդիկ սկսան այցելելու գրաւուած տարածքները, եւ այդ այցելութիւնները հետզհետէ յաճախակի դարձան: Ան ըսաւ, որ այսօր արդէն 25 տարուան ուսումնասիրութիւններէ ետք, բաւական հարուստ տեղեկութիւններ կան Արեւմտահայաստանի մասին: Ան փոխանցեց թուային յստակ տեղեկութիւններ գրաւուած տարածքներուն վրայ ապրող ժողովուրդին մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս այդ շրջանները բնակող հայերը չենթարկուեցան կոտորածի եւ ի՛նչպէս անոնք իսլամացան ու բազմացան դառնալով մօտաւորապէս չորս միլիոն բնակչութիւն՝ ներառեալ համշէնահայութիւնը: Ան բացատրեց, թէ ի’նչպէս այդ հայութեան գրեթէ կէսը չ’ուզեր բացայայտել իր ինքնութիւնը, իսկ միւս մասը կ’ուզէ վերադառնալ իր արմատներուն: Իր խօսքին աւարտին, Ալվրցեան հարցումներու առիթ տուաւ: Աշակերտները հետաքրքրուեցան Թուրքիոյ քաղաքականութեամբ այս հարցին նկատմամբ, ուզեցին գիտնալ թէ իրենք իբրեւ նոր սերունդի երիտասարդներ ի’նչպէս կրնան օգտակար դառնալ եւ ի՞նչ է իրենց դերը: Ի՞նչ պէտք է համարենք այդ հայերը եւ արդեօք կրօնքի տարբերութիւնը կը զանազանէ՞ զիրենք մեզմէ: Ի՞նչ է անոնց ապագան, եւայլն:

Աշակերտները ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները եւ սրահէն ելան գրեթէ յագեցած:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան