ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Եագուպեանը:

Վիգէն Եագուպեան իր նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ճեմարանի մէջ: Ան աշակերտներուն հետ զրուցեց հայկական ինքնութեան մասին:

Զրոյցը հետաքրքրական էր, աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ հարցումներ ուղղեցին: Եագուպեան իր կեանքի փորձառութենէն օրինակներ պատմելով պատասխանեց բոլորին հարցումներուն: