ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան 1016-2017 տարեշրջանի առաջին խրախճանքը:

Ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, շրջանաւարտներ Արեւիկ եւ Գուրգէն Փափազեաններուն ընկերակցութեամբ ու ցուցմունքներով լսարանականները սորվեցան երեք հայկական պարեր, ապա ճաշակեցին հայկական համեղ ուտելիքներ: