ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, ժամը 11:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի երկրաշարժին յիշատակին առիթով ձեռնարկ մը, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն ներկայութեամբ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք, ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը երկրաշարժին մասին:

Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: