ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած կլոր սեղանը՝ նուիրուած Ճեմարանի հիմնադրութեան 86-րդ ամեակին:

Կլոր սեղանի բանախօսներն էին տարբեր սերունդներէ ճեմարանականներ՝ Օրդ. Ալիս Գազանճեան, Պրն. Տիգրան Ճինպաշեան եւ Պրն. Վաչէ Ծատուրեան, որոնք ճեմարանականի իրենց յուշերն ու վկայութիւնները կիսեցին նոր սերունդին հետ: Ասպիսով, Օրդ. Ալիս պատմեց դրուագներ Ճեմարանի հիմնադիրներ՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի օրերէն՝ հակիրճ ձեւով զանոնք ներկայացնելէ ետք: Ապա Պրն. Տիգրան Ճինպաշեան անդրադարձաւ Սիմոն Վրացեանի տնօրինած շրջանին՝ զուարճալի դէպքեր մէջբերելով: Ի վերջոյ Պրն. Վաչէ Ծատուրեան աշակերտութիւնը ծանօթացուց ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի զուսպ, լուրջ բայց եւ պերճախօս, բարի ու հայրենասէր անձին:

Ձեռնարկի աւարտին Լսարանական Միութեան կողմէ յուշանուէրներ տրուեցան Օրդ. Ալիսին եւ Պրն. Տիգրանին, որոնք միշտ վառ պահած են Շանթի ու Աղբալեանի ջահը՝ զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ:

Սէրուժ Յովսէփեան

ԺԱ. դասարան