ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեան, որ յայտնեց 2016-2017 տարեշրջանին միութեան կատարած ձեռնարկներուն ընթացքը եւ նշեց որ վարչութիւնը իր կարելին ըրաւ, որ յաջող գործունէութիւն ունենայ:

Լսարանական Միութեան գանձապահ Նշան Կուրղիկեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 5 000 000 Լ.Ո., որ նուիրուեցաւ Ճեմարանի Սաներու ֆոնտին:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ վարչութեան գործունէութեան քննարկում: