ԶՐՈՅՑ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ «ԹՈՒՄՕ՝ ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»Ի ՄԱՍԻՆ

Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ զրոյց-ներկայացում Հայաստանի մէջ գործող «Թումօ՝ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն»ին մասին:

Զրոյցը վարեցին աւարտական դասարանէն Արզնի Արսլանեան եւ Արենի Խաչատուրեան, որոնք 2016-ին մասնակցած էին Թումոյի ամառնային ճամբարին:

2011-ին հիմնուած Թումօն այսօր ունի չորս մասնաճիւղեր՝ Երեւան, Դիլիջան, Գիւմրի եւ Արցախ: Սամ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու հիմնած կեդրոնը կու տայ անչափահասներու յատուկ գծանկարային, համակարգչային խաղերու ստեղծման, կայքէջերու մշակման եւ թուայնացման  ուսուցման անվճար դասընթացքներ: Աշակերտուհիները ներկայացուցին Թումոյի շէնքն ու տարբեր բաժինները, ինչպէս նաեւ  կեդրոնին կողմէ իրականացուող արտադպրոցական կրթական ծրագիրները:

Անոնք պատմեցին նաեւ իրենց փորձառութեան մասին եւ ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքները:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան