ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ Չալեան սրահին մէջ:

Զրոյցը վարեց Պրն. Վաչէ Ծատուրեան, որ ներկայացուց Արցախի հարցի ծագման աշխարհաքաղաքական դրդապատճառները: Ան իր դիտանկիւնէն ներկայացուց Միջազգային ընտանիքին վարած քաղաքականութիւնը Արցախի հարցին նկատմամբ, բացատրեց Մինսքի խմբակի կեցուածքը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնները, Ալիեւի Ա.Մ.Ն. այցը, Ռուսիոյ կեցուածքը, եւայլն:

Աշակերտները ուղղեցին զանազան հարցումներ եւ լուսաբանուեցան: Յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ դասեր քաղելով մեր պատմութենէն, պէտք է դիւանագիտօրէն զօրացնենք մեր երկիրն ու բանակը, առանց վստահելու արտաքին ուժերու:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԱ. դասարան