ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ 2016 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս:

Լսարանական Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեանի բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ապա օրուան բանախօս Լեւոն Աւետանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի քառօրեայ պատերազմը: Ան նախ փոքր անդրադարձ մը ունեցաւ Արցախի պատմականին մասին, սկսելով քրիստոնէութենէն շատ առաջ եւ հասնելով մինչեւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան օրերը: Ան նշեց, թէ ի՛նչպէս Արցախն ալ ունեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացման ճակատագիրը 1970-էն ետք: Ապա ան խօսեցաւ 70 տարուան (1921-1989) ընթացքին Ազրպէյճանի վարած Արցախի հայաթափման քաղաքականութեան մասին: Այնուհետեւ Աւետանեան ներկայացուց Արցախի ազատագրական շարժումը սկիզբէն մինչեւ զինադադար, նշելով կարեւոր թուականներն ու դէպքերը: Ապա ան մանրամասնօրէն նկարագրեց 2016-ի պատերազմին չորս օրերը՝ առաջին դէպքերէն մինչեւ յաղթանակ, անդրադառնալով մարդկային, տարածքային եւ զինամթերքի կորուստներուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր քաղած դասերուն:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան