«ԱՆՏԱՌԱՊԱՀԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ»

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին, Լսարանական Միութեան կենսոլորտի խմբակին կազմակերպութեամբ, ԺԲ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան ներկայացուց «Անտառապահը Լիբանանի տարածքին» նիւթը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս այսօր աշխարհը կենսոլորտի հետ կապուած մեծ խնդիրներ ունի, ըլլան անոնք ջերմացում, ապականում, որոշ անասուններու ոչնչացում, եւայլն: Լիբանանի պարագային, զարմանալի չէ որ կան մեծ խնդիրներ: Ըստ «Pollution Index»ի, 2016-ին Լիբանան աշխարհի երրորդ տեղը գրաւած է օդի ապականման մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ աղբերու հարցին, անտառներու չորացման, լիճերու եւ գետերու ապականման:

Այնուհետեւ Նարօտ անցաւ բուն թեմային՝ անտառապատումը Լիբանանի մէջ, որ նոր ու գեղեցիկ երեւոյթ մըն է ու կարեւոր է կենսոլորտի հարցերը լուծելու համար: Ան կէտերով ներկայացուց անտառներու կարեւորութիւնը՝ թթուածին հայթայթել, ածխածինի ամբարում, 80 %  անասուններու բնակավայրի ապահովութիւն, հողի սահանքներու կասեցում, եւայլն: Ապա ան թուեց անտառապատումը եւ ծառատնկումը իրականութիւն դարձնող կազմակերպութիւններ եւ մարմիններ՝ սկսեալ բնապահպանման նախարարութենէն մինչեւ «Lebanese Reforestration Initiative LRI»: Ամէն մէկուն դերը նշելէ ետք, կեդրոնացաւ LRI-ի գործունէութեան վրայ: Անդրադարձաւ, թէ ի՛նչպէս այս միութիւնը 2011-էն սկսեալ գործի լծած է որոշ շրջաններու եւ գիւղերու քաղաքապետութիւնները եւ բնիկ գործաւորներուն գործ ապահոված, յաջողած է մեծ քանակով եւ տարբեր տեսակի ծառեր ցանել եւ օդի ապականումը նուազեցնել:

Իր ներկայացման աւարտին, Նարօտ խօսեցաւ նաեւ Մուսալեռ Այնճարի մէջ տեղի ունեցած անտառապատման, որ կը համարուի Լիբանանի անտառապատման ամէնէն յաջող ծրագիրը: Ան ըսաւ, որ հինգ տարի առաջ ցանուած թուփերը այսօր արդէն հասակ առած մատղած ծառեր են: Այս երեւոյթը կը հպարտացնէ մեզ՝ լիբանանահայերս:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան