ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութեան ձիւնագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի կէսօրէն մինչեւ Շաբաթ, 24 Փետրուարի առտու։ Կիրարկուեցաւ վարչութեան կողմէ պատրաստուած ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրը՝ զարգացման մրցում, կողովագնդակի խաղ, բանավէճ, քարաօքէ, եւալն։ Լսարանականները շատ լաւ ժամանակակ անցուցին։

ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, Յունուար ամսուան ընթացքին, զբօսանքներուն տեղի ունեցաւ կողովագնդակի անհատական մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան երկրորդական բաժինէն աշակերտներ: Աւարտին, յաղթական հանդիսացան Ալիք Քէշիշեան «three points» եւ «free throws» խաղին, իսկ Արէն Հայկ Ազատեան՝ «half-court» խաղին:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան եւ հանդիպում ունեցաւ լսարանականներուն հետ: Ան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց ինքզինք, իր կեանքի ընթացքը, նպատակները, նախաձեռնութիւնները եւ նուաճումները: Ան թելադրեց աշակերտներուն ըլլալ նպատակասլաց եւ որեւէ նախաձեռնութեան պարագային չյուսահատիլ ու շարունակել մինչեւ նուաճում:    

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Ճեմարանի շրջանաւարտ միջազգայնագէտ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը: Ան խօսեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի տարածաշրջանային հարցերուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին, ապա պատասխանեց լսարանականներուն հարցումներուն:

«ՔՈՒՆՀԱՏԻ»՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի 11 Յունուար 2024-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն այս տարուան առաջին դասախօսութիւնը «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան կողմէ, որ հիմնադրուած է Հատի անունով տղու մը ինքնաշարժի չարաղէտ արկածէն ետք։ Աշակերտները Հատիին կեանքը ներկայացնող հետաքրքրական տեսերիզ մը դիտելէ ետք, ուշադրութեամբ մտիկ ըրին պատմութիւնը ինքնաշարժի արկածին, որուն զոհ…

ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, երկրորդական բաժինի աշակերտներս, այս տարին փակեցինք աւանդութիւն դարձած տարեկան կաղանդի խրախճանքով։ Հաճելի խաղեր խաղալով, երգելով ու պարելով, անմոռանալի յիշատակներ ստեղծեցինք իրարու հետ։ Խրախճանքը աւարտեցաւ հայկական ճոխ մթնոլորով։ Սարին Մահտեսեան

ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆՔ

Լսարանական Միութեան կազմակերպած դասարանի լաւագոյն զարդարանքի մրցանքին առիթով, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ճոխ մթնոլորտ ստեղծուած էր միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն մօտ։ Երկու շաբթուան ընթացքին, զբօսանքներուն, աշակերտները խանդավառութեամբ եւ մրցակցութեան բարձր ոգիով զարդարեցին իրենց դասարանները։ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ պրն. Գրիգոր Արբաճեանի ցուցմունքով եւ առաջնորդութեամբ Լսարանական…

ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Ը., Թ.  եւ երկրորդականի դասարաններէն աշակերտական խումբեր: Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2023-ին աւարտական խաղին յաղթական հանդիսացաւ «Սիս» խումբը, երկրորդ՝ «Անկեղծ Զինուորներ» խումբը, իսկ երրորդ՝ «Վիգէն Զաքարեան» խումբը։ Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երկրորդ զբօսանքին տեղի ունեցաւ յաղթական խումբի…

ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽԱՂ

Կազմակերպութեամբ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2023-ին, կողովագնդակի բարեկամական խաղ մը տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան տղոց խումբին եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կողովագնդակի խումբին միջեւ, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ, ժամը 8։30-ին։ Խաղը աւարտեցաւ Լսարանական Միութեան տղոց խումբին յաղթանակով, 47-21 արդիւնքով։ Սարին…

ՇԱՔԱՐԱԽՏԸ

Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2023-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Ճեմարանի շրջանաւարտ հիւանդապահուհի Նարօտ Մերտխանեանը, որ լսարանականներուն ներկայացուց «Շաքարախտը» նիւթը։ Ան գիտական բազմակողմանի տեղեկութիւններ տուաւ շաքարախտի ազդանշաններուն, հաւանական պատճառներուն եւ դարմանումի ձեւերուն մասին։ Ներկայացումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ճեմարանի աւարտական դասարանէն աշակերտուհի մը, որ խօսեցաւ շաքարախտի վերաբերեալ իր անձնական փորձառութեան մասին։

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2023-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան զարգացման մրցումը: Երկրորդական բաժինի աշակերտները Արցախի զանազան շրջաններու եւ քաղաքներու անունները կրող խումբերու բաժնուած հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատասխանեցին վարչութեան պատրաստած հարցումներուն: Մրցումին արդիւնքները յայտարարուեցան 9 Նոյեմբերին: Յաղթական հանդիսացաւ Խաչէն խումբը, երկրորդ` Արցախ խումբը,…