ԱՂԲԵՐՈՒ ԶՏՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «աղբերու զտում եւ վերամշակում» նիւթը: Ան ցոյց տուաւ յատուկ տոպրակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը զետեղուի թուղթ, կերպընկալ, ապակի, թիթեղ եւ ուտեստեղէն: Աշակերտները անդրադարձան, որ պէտք է նուազեցնել աղբերը, կրկին գործածել որոշ իրեր եթէ կարելի է եւ ամէնէն…

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ԱՊՈՒՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ

Ձմրան մասին բաւական գիտելիք ստանալէ ետք, մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթացան բանջարեղէններու տեսակներուն եւ պատրաստեցին համեղ ապուր մը, ապա միասնաբար ճաշակեցին:

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ձեռքերու մկանները զարգացնող ձեռային աշխատանքներ կ’ընեն:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «10-11 տարեկան պատանին իր ընտանիքին մէջ» նիւթը: Ան խօսեցաւ պատանիին մասին՝ իր ընտանիքին մէջ, դպրոցին մէջ եւ ընկերութեան մէջ առհասարակ. ի՞նչ են անոր պարտաւորութիւնները, իրաւունքները եւ պատասխանատուութիւնները: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ սորվեցան բանաձեւել…

ՔՐՈՍ ՔԱՈՒՆԹՐԻ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր դպրոցին, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Քրոս Քաունթրիի միջդպրոցական մրցաշարքը: 2003-2004 տարիքային դասակարգին մէջ, Ճեմարանի աշակերտներէն Հրակ Ճինպաշեան 4-րդ դիրքը գրաւեց. Հրակին կողքին կային Արմէն Եղիայեանը եւ Ժագոպ Աճէմեանը, իսկ 2001-2002 դասակարգին մէջ Հրակ Թորոսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը. Հրակին կողքին էր նաեւ Արի Աւետիսը:

ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԿԱՊՈՅՏ ԳՈՅՆԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները սորվեցան կապոյտ գոյնը զանազան խաղերով եւ կապոյտ գոյնով առարկաներ շօշափելով:

ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան խօսեցաւ մարդակազմութեան, առողջ ապրելու, լաւ սննդականոնի եւ ակռաներու խնամքին մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ՃԱՏՐԱԿ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտ Հրակ Ծատուրեան Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու ակումբին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքին հանդիսացաւ երկրորդ՝ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ: Նոյն մարզաձեւին մէջ, յաջողութիւն կը մաղթենք միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտ Հրակ Լախեանին, որ 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արաբական երկիրներու ճատրակի…

ԹԷՅ ՈՒ ԿՍԿՈՒԾ

Չորեքշաբթի, 17 Յունուար 2018-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները միասնաբար ճաշակեցին իրենց պատրաստած տաք թէյը՝ կսկուծով:            

ՔԱՂԱՔԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները արաբերէն լեզուով քաղաքի մասին իրենց ընթերցանութեան դասին ընթացքին բաւական գիտելիք եւ բառամթերք ամրապնդելէ ետք, խոյզեր կատարեցին ու ձեռային աշխատանքներով եւ նկարներով ներկայացուցին անցեալի եւ արդի քաղաքը, նշելով անոնց տարբերութիւնները՝ բարձր շէնքեր, լայն ու խճողուած պողոտաներ, եւայլն։

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Յունուար ամսուան ընթացքին մանկամսուրի փոքրիկները ձմրան մթնոլորտը կը վայելեն մանկամսուրէն ներս: Անոնք կ’ամրապնդեն իրենց գիտելիքները դիտելու դասերով, ինչպէս նաեւ զգայարանքի եւ ձեռային աշխատանքներով:

ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) այցելեց Ճեմարան եւ զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցաւ միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն հետ: Ան խօսեցաւ պատանիին  պէտքերուն եւ տարիքային տագնապներուն ու վերիվայրումներուն մասին, կեանքի մէջ կատարելիք անոր ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ համացանցի աշխարհին հասցուցած…