«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «անսխալ գրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի աշակերտները արձանագրած են փայլուն եւ գնահատելի արդիւնքներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. Դ. դասարանէն՝ Լոռիթա Սրուրեան (անսխալ): Ե. դասարանէն՝ Նարեկ Չերքէզեան (անսխալ),…

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան միջնակարգի երեք դասարանները հրաժեշտ տուին 2018 տարեշրջանին: Գեղարուեստական յայտագիրէն ու կերուխումէն ետք, հայկական պարեղանակներով, շուրջպարով եւ եւրոպական ու ամերիկեան պարերով ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս: Աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը եւ խմբական երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Փոքրիկները նուէրներով տուն վերադարձան:

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին Մանկապարտէզի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը: Անոնք մեծ հրճուանքով ու խանդավառութեամբ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, ապա…

ԼԵՎԱՄ – ՄԻՆԻ ՊԱՍՔԷԹ

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ազգային Միացեալ Վարժարանի (Պուրճ Համուտ) մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի մինի պասքէթի մրցաշարքը՝ մասնակցութեամբ 5 վարժարաններու: Մրցումները շարունակուեցան Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերին, «Աղբալեան» ակումբի մարզադաշտին վրայ:  Նշենք, որ մրցումներուն մասնակից բոլոր աշակերտները ստացան մետալներ: Բայց եւ այնպէս, Ճեմարանի աշակերտները արձանագրեցին տպաւորիչ յաղթանակներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք…

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՐԱԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ֆրերներու վարժարանին մէջ (Ֆըրն Շըպպէք) տեղի ունեցաւ ճատրակի Սուրբ Ծննդեան մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 երկսեռ խաղացողներ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Ե. դասարանի աշակերտ Հրակ Ծատուրեան իր դասակարգին մէջ (10 տարեկան եւ վար) գրաւեց առաջին դիրքը՝ մնալով անպարտելի (5 յաղթանակ եւ 1…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼԻ ԲԵՐԴ ԵՒ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2018-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան, հայերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի ընկերային ծառայողին, այցելեցին պատմական Ժպէյլ քաղաքը: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Ժպէյլի պատմամշակութային արժէքներուն, ամրապնդել քաղաքին մասին իրենց պատմական եւ աշխարհագրական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ Նոր Տարուան սեմին…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանի:  Պազարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի փոքրիկները, ինչպէս նաեւ՝ մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները: Անոնք երգեցին ամանորեայ երգեր, պարեցին եւ գեղեցկացուցին…

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԴԷՊԻ ՏՈՒՐՄԻ «ՂՐԱՈՒԻ» ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 30 Նոյեմբեր 2018-ին, մենք՝ 8-րդ դասարանի աշակերտներս, կատարեցինք դաստիարակչական պտոյտ մը դէպի Պէյրութի Քֆարշիմա շրջանի «Ղրաուի» տուրմի գործարանը: Այս այցելութեան նպատակը գործարանի մը բաժանումներուն եւ գործաւորներուն աշխատանքին ուսումնասիրութիւնն էր, որովհետեւ սորված էինք տուրմի պատրաստութիւնը, թէ ուրկէ՛ ան յայտնուեցաւ եւ դարձաւ մեր ամէնէն սիրած քաղցրեղէնը: Արդարեւ, այս բոյսը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ԱՄԵԱԿ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018-ին, ժամը 11։30-ին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները նշեցին Հայաստանի երկրաշարժին 30-ամեակը։ Աւարտական դասարանէն խօսք առաւ Քրիսթել Աճէմեան եւ 1988-ի երկրաշարժին մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այսօր, 30 տարի ետք, այս աղէտը կընշենք ոչ իբրեւ ողբերգութիւն, այլ՝ իբրեւ…

ՏԻՐՈՒԿ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ճեմարան այցելեց բանաստեղծուհի Տիրանուհի Մարգարեան  Կարապետեան (Տիրուկ), որ Նախակրթարանի հինգերրորդ եւ վեցերրորդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց իր «Բուրաստան» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամերուն, Նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները, իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, ճանաչողական այցելութիւն մը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ քաղաքապետարանի զանազան աշխատանքներուն, յատկապէս մաքրութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող գործերուն: Աշակերտները դիմաւորուեցան քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Էլի Նսէրի կողմէն: Վերջինս անոնց ուղեկցեցաւ քաղաքապետին՝ Մարտիկ Պօղոսեանի…