ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ նախակրթարանի կաղանդի տօնակատարութիւնը: Բոլոր դասարաններէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա Չալեան սրահին մէջ աշակերտները հանդէս եկան արտասանութեամբ, երգով, պարով ու նուագով: Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեցին ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած հաճելի խաղերը: Տօնական մթնոլորտը աւարտեցաւ ժամը 11:30-ին:

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս: Գ. դասարանի աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը՝ հիացում պատճառելով իրենց փոքր ընկերներուն: Նախաճաշէն եւ զբօսանքէն ետք, Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները խմբական երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Կաղանդ պապան իր մասնակցութիւնը բերաւ բոլոր դասարաններուն…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (N.D.U.)

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2017-ին, N. D. U. համալսարանի ընդունման գրասենեակի տնօրէն Ղալէպ Ղանէմ Ժ. դասարանի աշակերտներուն հակիրճ ձեւով ներկայացուց համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւնները եւ ընդունման պայմանները: Ան քաջալերեց աշակերտները ընտրելու ժամանակակից մասնագիտութիւններ, որպէսզի նորութիւններ բերուին գործի բոլոր դաշտերուն մէջ:

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑԻԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» Հիմնարկին, այս տարի եւս, Հայկազեան համալսարանի մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէն լեզուի գերազանցիկ աշակերտներու պարգեւատրում: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտները. Նարօտ Մերտխանեան (Ժ. դասարան), Մհեր Փելթեքեան (ԺԱ. դասարան) եւ Էլի Ապտ Էլ Նուր (2016-2017 տարեշրջանի ԺԲ. դասարան):  

ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ ՆԵՐՍ

Դեկտեմբեր ամսուն, մանկամսուրի փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ զարդարեցին տօնածառը, պատրաստեցին կաղանդի զանազան ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ համեղ կրկնեփուկներ: Փոքրիկները անհամբեր կը սպասեն կաղանդ պապուկին:

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին մանկամսուրի փոքրիկները պաշտօնական այցելութեամբ ներկայացան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ նուիրեցին իրենց պատրաստած կաղանդի ձեռային աշխատանքը:  Տնօրէնութեան սիրալիր ընդունելութենէն եւ հիւրասիրութենէն ետք, փոքրիկները վերադարձան մանկամսուրի առօրեային:

ՆԱՄԱԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ

Տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները Մ. Իշխանի «Նամակ Կաղանդ Պապային» բանաստեղծութիւնը սորվելէ ետք, շարադրեցին իրենց նամակները, ապա զանոնք զետեղեցին դպրոցին մուտքին գտնուող փոստարկղին մէջ:

«WONDER» ՖԻԼՄԻ ԴԻՏՈՒՄ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Այս դարու մանկավարժական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմեն նախապաշարումները, ընդվզումը եւ բռնադատումը (bullying): Դպրոցը կը փորձէ աշակերտներուն փոխանցել այս վերնագիրները եւ անոնց հետեւանքները՝ տարբեր ձեւերով, ինչպէս՝ դասախօսութիւններ, վիճաբանական ասուլիսներ, կլոր սեղաններ: Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Wonder» ֆիլմը, որ…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, 20 Նոյեմբեր եւ 13 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ ԺԲ. եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ: Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Ռուբէն Մարկոսեան խօսեցաւ եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ Հայկազեան համալսարան մուտքի պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի մասին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեան կեդրոնի եւ հսկողութեամբ Ճեմարանի հիւանդապահուհիին, 20-28 Նոյեմբեր 2017-ին, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ առողջապահական ընդհանուր քննութիւն մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն: Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ուղարկուեցան նաեւ Գարակէօզեան կեդրոն յատուկ մեքենայով ակնաբուժական քննութեան ենթարկուելու(Microscope optique):

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ «ՊԶՏԻԿԵԱՆ» ՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզի բացումը: Այս գեղեցիկ իրագործումին առիթով կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ճեմարան ժամանեցին բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեան ընկերակցութեամբ Ճեմարանի բարեկամներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, 29 Նոյեմբեր եւ 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակէն ներկայացուցիչներ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարանի պատմականը եւ խօսեցան հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ ապագային գործի կարելիութիւններուն մասին։