ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը: Աշակերտները բացատրութիւններ ստացան թանգարանային իրերուն մասին եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «THE VOICE KIDS» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ 2016-2017 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿԻՑ MAE-Ն ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսական «THE VOICE KIDS» յայտագիրի 2016-2017 տարեշրջանի  հայ մասնակից MAE-ն, որ մաս կազմեց Patrick Fiori-ի խումբին եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: MAE-ն հանդիպեցաւ Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն հետ, երգեց, պատմեց իր փորձառութիւնը, պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ նկարուեցաւ բոլորին հետ:

ԿՐԿՆԵՓՈՒԿՈՎ ՋԱՂԱՑՔ

Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի փոքրիկները Տիկ. Անիին հետ կրկնեփուկով ջաղացք պատրաստեցին:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՕՍԷ ՄՆԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ճեմարան այցելեց Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սօսէ Մնակեան։ Դպրոցին զանազան բաժինները շրջելէ ետք, Սօսէ Մնակեան ամբողջ պահ մը անցուց ԺԱ. գրական դասարանի աշակերտներուն հետ։ Հաճելի ու հետաքրքրական զրոյց մը կայացաւ երկու ճեմարաններու կրթական ծրագիրներու, դասերու, դպրոցական ժամերու, պետական քննութիւններու եւ…

ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Արաբերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, ծառերուն կարեւորութեան եւ պտուղներուն օգտակարութեան մասին բաւական գիտելիք ու բառամթերք ամբարելէ ետք, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները երկու կեռասենիներ տնկեցին Ճեմարանի պարտէզին մէջ: Աշակերտները արտադասարանային այս աշխատանքին ընթացքին  բացատրութիւններ լսեցին եւ արտայայտուեցան արաբերէն լեզուով:

ԱՇՆԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները համտեսեցին աշնանային պտուղները եւ որոշեցին պտուղով փոխարինել վնասակար ուտելիքները:

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ

Այս տարի մանկամսուրի փոքրիկները  կը վայելեն զգայարաններու զարգացման անկիւն մը, ուր անոնք կը զարգացնեն իրենց զգայարաններն ու փոքր մկանները զանազան խաղերու ընդմէջէն: Այս խաղերը հետագային պիտի դիւրացնեն փոքրիկին գրավարժութիւնը:

ԿԱՐՄԻՐ ԳՈՅՆԻ ՕՐ

Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները եւ ուսուցիչները դպրոց եկան կարմիր հագած եւ սորվեցան կարմիր գոյնը:

«ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Այս տարի Թարգմանչաց տօնը իւրայատուկ շուքով նշուեցաւ տարրական բաժինէն ներս: Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2017-ին՝ երկրորդ զբօսանքին, տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան «Թումանեան» գրադարանի բացումը: Փոքր աշակերտներուն մօտ ընթերցանութեան սէրը արթնցնելու ճիգ մը, որ յուսանք իր արձագանգը կ’ունենայ: Վարձքը կատար գրադարանի աշխատանքներուն մասնակցող բոլոր ուսուցիչներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն տիկ. Մարիա Ներսէսին եւ…

«ՊԱՊԱ»ՆԵՐԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, կանաչ դասարաններու աշակերտներուն «պապա»ները այցելեցին մանկապարտէզ: Անոնք ծանօթացան իրենց զաւակներուն դասընկերներուն եւ դասարանին, ապա իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գործը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշակելէ ետք փոքրիկներուն կողմէ նախօրօք պատրաստուած կրկնեփուկները, «պապա»ները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

ԽՈՅԶ

Տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները գիտութեան դասանիւթի «Կան զանազան տեսակի բոյսեր» բնաբանի ծիրէն ներս սորվեցան, դիտեցին ու շօշափեցին տարբեր տեսակի տերեւները, ապա խոյզեր կատարեցին եւ զարդարեցին իրենց դասարանները։

ՄԱԳԱՂԱԹԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները Թարգմանչաց տօնին առիթով սորվեցան Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը եւ գիրերու գիւտին մասին ընթերցանութեան դաս մը, ապա հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին օգնութեամբ աշակերտները մագաղաթներ պատրաստեցին: