ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժեն Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մանկապարտէզի բազմավաստակ նախկին պատասխանատու, մանկապարտէզի դասագիրքերու հեղինակ Տիկ. ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ին, Մարսէյի մէջ։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ ընտանեկան երեկոյ-քերմէսը:   Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած ներկաներուն պարգեւեցին ընտանեկան հաճելի եւ մտերմիկ ժամեր: Քերմէսի ճոխ ու դաստիարակիչ խաղերուն մասնակցեցան թէ՛ երեխաները, թէ՛ պատանիները:   Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. տարրական եւ նախակրթարան…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «DINO CITY» ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻՆ

Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2017-ին, տարրատան բաժինի աշակերտներուն 2016-2017 դպրոցական տարեշրջանի աւարտն էր: Առաւօտուն, տարեդարձներու տօնակատարութենէն ետք, տարրական բաժինի աւարտականները՝ Գ. դասարաններու աշակերտները, ուղղուեցան դէպի «DINO CITY»: Հոն ծանօթացան տարբեր տեսակի հոյամողէզներու եւ իւրաքանչիւրին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան: Աշակերտները այցելեցին  նաեւ հոյամողէզներու թանգարանը, ապա ուրախ ժամանակ անցուցին խաղավայրին մէջ:  «DINO…

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՕՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2017-ին, մանկամսուրի փոքրիկները դպրոց բերին իրենց նախասիրած նուագարանը եւ միասնաբար խաղացին ու նուագեցին: Փոքրիկները հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ծանօթացան զանազան նուագարաններու: 

«GLOBAL VILLAGE»

Ճեմարանի աշակերտները ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) կողմէ կազմակերպուած «Global Village»-ին: Այս տարի եւս, մենք բարձրացուցինք մեր դպրոցի անմար ջահը համալսարանէն ներս՝ ներկայացնելով Ֆիլիփփինը: Կրնանք ըսել, որ աշխատանքը չափազանց խստապահանջ էր, մեզ ընկճելով յաճախ: Շուարած էինք ի՛նչ հագնիլ՝ Ֆիլիփփինի ազգային տարա՞զը, թէ շապիկ…

ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2017-ին աւարտեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի կողովագնդակի ներքին մրցաշարքը, եւ յաղթական աշակերտները մետալ ստացան: Միջնակարգի Թ. դասարանէն երկրորդական բաժինի յաղթական հանդիսացող խումբի անդամներն են՝ Կարէն Խալոյեան, Սէրուժ Նորամանեան, Հայկ Աւետիս եւ Քրիստ Բրուտեան: Նախակրթարանի Դ. դասարանէն միջնակարգի Ը. դասարանի յաղթական հանդիսացող խումբի անդամներն են՝ Ժագոպ Աճեմեան, Պետօ…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մանկամսուրի հանդէսը: Մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց մանկամսուրի գործունէութեան մասին, ապա փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին: Հանդէսի աւարտին, Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ ըսաւ. «2001-2002 տարեշրջանին 15 աշակերտներով ծնունդ առած Ճեմարանի մանկամսուրը այսօր ունի…

ՊԱՐԶ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՎ ՇԻՆՈՒԱԾ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս,նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները խմբական աշխատանքներով փորձեցին պարզ մեքենաներով խաղալիքներ շինել: Աշխատանքի աւարտին, իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր աշխատանքը, եւ աշակերտները փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները:

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՍԷՐՈՒԺ ԹԱՊԱՔԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտ Սէրուժ Թապաքեան հանդիսացաւ երրորդ՝ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքին:

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 99-րդ ամեակին առիթով միջնակարգի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան զարգացման մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 2 Յունիս, 2017-ին: