ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Աշակերտները գեղարուեստական բաժինով պատուեցին իրենց մայրերը եւ սրտաբուխ խօսքերով յուզեցին զանոնք, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։ Բարի մայրերու տօն բոլոր հայ մայրերուն:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց ծնողներուն: Սրահը զարդարուած էր երեխաներուն աշխատանքներով: Փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգեցին ու պարեցին, ապա իրենց ծնողներուն հետ նախաճաշեցին:  Ծնողները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: Վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն 2016-2017 տարեշրջանը կ’աւարտի Ուրբաթ, 2 Յունիս,…

ՎԱՌԱԿ-ՆԱՐԵԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի իմացութեան, պահպանման եւ զարգացման սատարող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Է….

ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՄԱՐԻԱ ԱՃԵՄԵԱՆ՝ ՉՈՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ առաջին մրցանակին արժանացաւ «Պահուըտած ժպիտը» պատմուածքը` հեղինակ Մանէ Պասմաճեան (աւարտական…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի մոկլիները եւբոլոր աշակերտները նշեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնը։ Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան փոքրիկներուն բացատրեց օրուան խորհուրդը, ապա անոնք երգեցին Հայաստանի քայլերգը, «Ի զէն հայեր» եւ «Հայաստանի ջուրն անուշ» երգերը։  

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց քոյր Արզնի Արսլանեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան, որ…

ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ի առաւօտեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը եւ նշեցին Շուշիի ազատագրութեան եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25 ամեակը: ԺԱ. դասարանէն Լոռի Գորեսեան պատմական հակիրճ ակնարկէ մը ետք, անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրման կարեւորութեան եւ իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «9 Մայիս 1992-ին, ԼՂՀ բանակը…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն զարգացման մրցումը՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած: Մրցումի դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական հետեւեալ յայտագիրը. խմբերգ՝ Դ. դասարանի աշակերտներ, պար՝ Ե. դասարանի աշակերտներ, դաշնամուրով նուագ՝ Գալին Գիլէճեան (Զ. դասարան ): Զարգացման մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացող խումբի…

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՆ ԵՐՐՈՐԴ

Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն Սարինէ Ներսէս, Ռազմիկ Տէրունեան, Լալէ Չափարեան, Հայկ Աւետիս եւ Մհեր Փելթէքեան մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան միջ-դպրոցական զարգացման մրցումին եւ հանդիսացան երրորդ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին հայ տարեցներու տուն: ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան աշակերտներուն ներկայացուց ՔԱՀԼ-ի եւ տարեցներու տան հիմնադրութիւնը «power point»ով: Ապա Տիկ. Սոնիա Կէտիկեանի հետ աշակերտները շրջեցան ծերունիներուն սենեակները, ուր մօտէն շփման մէջ եղան հոն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «SAYDE» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ-ԾԵՐԱՆՈՑ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017-ին, այցելեցին «Sayde» հիւանդանոց-ծերանոցը, Անթիլիասի մէջ: Աշակերտները ուտեստեղէն (շաքար, բրինձ, ոսպ, ձաւար) եւ մաքրութեան իրեր բերին եւ մեծ ուրախութեամբ ծերունիներուն նուիրեցին իրենց հետ տարած տոպրակները ու զգացին որ թէկուզ փոքր բան մը մեծ արժէք կրնայ ունենալ կարիքաւոր…

ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ (AUB folk dance festival)

Կիրակի, 7 Մայիս 2017-ին, Ճեմարանի Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտուհիներէն խումբ մը մասնակցեցաւ  Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տարեկան պարի փառատօնին (AUB folk dance festival): Մասնակցող բոլոր վարժարաններու աշակերտները ներկայացուցին զանազան պարեր՝ հնդկական, արաբական, սպանական, եւայլն: Ճեմարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական Եարխուշտան: Փառատօնի մասնակցութիւնը շատ շինիչ եւ հաճելի փորձառութիւն մըն…