ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի ընկերային ծառայողն ու հիւանդապահուհին տարրական բաժինի բոլոր դասարաններէն ներս առողջապահական նիւթեր արծարծեցին աշակերտներուն հետ: 

«DICTEE-PLAISIR»

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2017-ին, Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը մասնակցեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (Université Saint-Joseph) կազմակերպած «Dictée-plaisir» մրցանքին: Ե. դասարանէն մինչեւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներ, ընկերակցութեամբ ֆրանսերէն լեզուի իրենց ուսուցիչներուն, ներկայացան շատ դաստիարակիչ այս աշխատանքին:

ՏԵՍՆԵՆՔ ՈՒ ԽՕՍԻՆՔ (Show and tell)

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կազմակերպութեամբ բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու ծրագիր մը մշակուեցաւ: Ապրիլ ամսուան ընթացքին ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ: Իւրաքանչիւր աշակերտ նիւթի մը մասին պիտի խօսի միայն մէկ վայրկեան՝ նախապէս զայն պատրաստած, առանց գրելու, միայն կէտեր ունենալով իրեն հետ: Այդ աշակերտը իր նիւթը պիտի ներկայացնէ լեզուական…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչումը: Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Սելին Տաքեսեան եւ Ռազմիկ Տէրունեան՝ յայտագրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով: Բացման խօսքը ընթերցեցին ԺԱ. դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Լոռի Գորեսեան: Հայոց ցեղասպանութենէն…

ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը, Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս: Զ. դասարանի աշակերտ Ճորճ Տէմիրճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Աշոտ Բագրատունի, որ պատմական արագ ակնարկէ մը ետք, զրոյց-դասախօսութեամբ անդրադարձաւ «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն նպատակն էր պատժել թուրք ոճրագործները, ապա բացատրեց,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։ Աշակերտները ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասնաբար Զատիկ տօնեցին:  Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտները խմբային պարով եւ նուագով, իսկ Զուարթնոցի աշակերտները՝ թատերական ներկայացումով: Այնուհետեւ տիրեց խնճոյքի մթնոլորտ,…

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԵՒ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ին, Հայր Նշան հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ տարրական բաժինէն ներս՝ Ծաղկազարդի եւ Զատկուան խորհուրդը փոխանցելու համար Գ. դասարաններու աշակերտներուն: Շնորհակալութիւն Հայր Նշանին: Բարի Ծաղկազարդ եւ բարի Զատիկ բոլորին:

ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու  ներկայութեամբ ։ Երեքշաբթի, 11 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին եւ կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկներուն հրաժեշտ տալէ ետք, աւարտականները մեկնեցան դէպի…

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 150 000 ՏՈԼԱՐ՝ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, «The Villa» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը՝ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներուն, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ ճեմարանականներու: Ճաշկերոյթի հաղորդավարներն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները:

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐ

Ժ. դասարանի աշակերտներս «Զարդարենք վերամշակումով» մրցանքին իբրեւ յաղթականներ շահեցանք պտոյտ մը դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրեր, Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ին: Շատ խանդավառ էինք: Ճոխ մթնոլորտը սկսաւ հանրաշարժին մէջէն՝ թմբուկով, երգով ու պարով: Հասանք Լիբանանի ամենաբարձր դիրքի վրայ գտնուող գիւղը՝ Պքաաքաֆրա: Զուտ լիբանանեան ճարտարապետութեամբ հին տնակներու եւ թաղերու մէջէն անցնելով…