ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մարտ ամսուն, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առիթով ունկնդրեցին այն բանաստեղծութիւնները, որոնք երգի վերածուած են եւ արտասանեցին իրենց նախասիրած գրութիւնները եւ կատարեցին պատի թերթի աշխատանքներ: Նոյն ծիրին մէջ, երգի ուսուցչուհին աշակերտներուն ներկայացուց Կոմիտասը, անոնք դիտեցին տեսերիզ մը եւ սորվեցան «Շողեր ջան» երգը: Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ – ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ՝ ԴԱՇՏԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆՄԷՋ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած դաշտային խաղերու մրցումները երկու օրերու վրայ երկարած, տեղի ունեցան Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Մարտ, 2017-ին, Պուրճ համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արդիւնքները.- ԿԱՐՃ ՎԱԶՔ՝ 60մ. (05/06) Աղջիկներ՝ Ալինա Վասիլեան (երրորդ) (03/04) Աղջիկներ՝ Լորի Գարաճեան (երկրորդ) (01/02) Աղջիկներ՝ Ռիթա Իրատեան (երկրորդ), Լէա Խաչատուրեան (երրորդ)…

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2017-ին։ Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին գիրքերը, ապա հարստացուցին իրենց տան գրադարանը՝ գնելով իրենց նախասիրած գիրքերը:

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով…

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը: Իրմա Գապագեան Տէտէեան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ բանաստեղծութիւններու եւ ասմունքողի յատկանիշներուն մասին: Ան ասմունքեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր», Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնները: Այնուհետեւ միջնակարգի Է. դասարանէն Լոռի Եահնիյեան եւ Հրակ Լախեան, որոնք…

«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»

Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»: Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն,  երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան,…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 87 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը  եւ նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան 87 ամեակը: Խօսք առաւ աւարտական դասարանէն Նարօտ Սերուժեան եւ ըսաւ. «87 տարի առաջ այսօր, 1930-ին, Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանը: Սկզբական շրջանին, դպրոցը կը գործէր Պէյրութի Քանթարի փողոցին վարձու շէնքի մը…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇՈՒՄԸ

Բարեկենդանի առիթով, Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, աւարտական դասարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին ծպտուած: Անոնք երկու ժամ շրջեցան դպրոցին զանազան բաժինները երգելով ու պարելով եւ ուրախութիւն սփռեցին ամենուրէք, ապա վերադարձան իրենց դասերուն…: Քրիստ Բրուտեան ԺԲ. դասարան

ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԸ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթացան պարտիզպանին աշխատանքին  եւ անոր գործիքներուն:  Անոնք իրենց գիտելիքները աւելի եւս ամրապնդեցին գործնական աշխատանքով՝ հունտ ցանելով:

ՆԱՐԵԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՄԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ»Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ (SECRETARY GENERAL AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան դիւանագիտական տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տագնապներու խաղաղ լուծման…