ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները հիւրընկալեցին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան- Գէորգեանը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, աւարտական դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ամերիկահայ պատմաբանը եւ ցեղասպանագէտը։ Ան ըսաւ, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ճանչցուած է յատկապէս չորս հատորէ…

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Անոնք հայրերուն ներկայացուցին իրենց պատրաստած երգերը, պարերը եւ արտասանութիւնները։ Աշակերտները իրենց հայրերուն հետ մասնակցեցան խաղերու եւ միասնաբար երգեցին ու պարեցին ճոխ մթնոլորտի մէջ: Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց իր պատրաստած ձեռային…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը: Ան աշակերտներուն ներկայացուց «ակլատիզ»ը՝ մեծ պահքի ծիսական տիկնիկը: Տիկ. Սօսէ հայկական տարազներով ծպտեց աշակերտ մը եւ աշահերտուհի մը, ապա խօսեցաւ հայկական ընդհանուր գիտելիքներու մասին: Այնուհետեւ ան աշակերտները հիւրասիրեց իր պատրաստած տարեհացով: Աշակերտները պարեցին «Թամզարա»ն…

ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ NDU համալսարանին, Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներու դաշնամուրի միջդպրոցական մրցանք: Մրցանքին մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտներէն՝ Ռիթա Մուրատեան, Կարօ Գրիգորեան (Ժ. դասարան) եւ Մանէ Պասմաճեան (ԺԲ. դասարան), որոնք անցան առաջին հանգրուանը: ԱյնուհետեւԿարօն եւ Մանէն անցան աւարտական հանգրուան, որուն աւարտին արժանացան յանձնաժողովի անդաներուն բարձր գնահատանքին եւ…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ծպտուած դպրոց եկան եւ նշեցին բարեկենդանի տօնը: Անոնք ուրախ մթնոլորտի մէջ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին ու տարեդարձներ տօնեցին: Բարի տօն բոլորին:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին եւ Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ մը նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Բազման խօսքը ընթերցեց Գալին Գիլեճեան, ապա օրուան խորհուրրդը փոխանցեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Այնուհետեւ Միսաք Պարսումեան կիթառով նուագեց «քամանչա»ն, իսկ Գէորգ Արապաղեան…

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները նշեցին Վարդանանց տօնը: Անոնք  իրենց պատրաստած սուրերը, եռագոյն դրօշները եւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի նկարները բարձր բռնած տողանցեցին բակին մէջ` «զինուորին երգը» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս ուտելիքները կ’ազդեն մեր առողջապահութեան եւ ակռաներուն վրայ: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ ուղղուեցանք դէպի Ժպէյլ՝ հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Թանգարանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, կը մտնենք ներս: Բարձր պատերով եւ լայն սենեակներով վայր մըն է, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր հայոց ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի …

ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺԻՆ ԱՅՑԸ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ

Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ ատամնաբոյժ Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան այցելեց մանկամսուր եւ փոքրիկներուն փոխանցեց ակռաներու առողջապահութեան վերաբերող գիտելիքներ: Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է ակռաները խոզանակել օրական դրութեամբ: Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ակռանելը խոզանակելու փորձ կատարեցին:

«PORTES OUVERTES»

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առաւօտեան ժամը 8։00-էն 10:00 իրենց զաւակներուն հետ դասարան մտան եւ դիտեցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերը։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։