ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն համար կազմակերպուեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ հետեւեալ համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ. ALBA, ANTONINE, LAU, HAYGAZIAN, NDU, USJ, AUB, USEK: Իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ խօսեցաւ համալսարանէն ներս գոյութիւն ունեցող զանազան մասնագիտութիւններուն, ինչպէս նաեւ մուտքի եւ կրթանպաստի դրութիւններուն մասին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի «Այն Մրէյսի» շրջանը: Անոնք արաբերէն լեզուով բացատրութիւններ ստացան շէնքերու, ճաշարաններու, պանդոկներու, Ամերիկեան համալսարանին, փարոսին, ձկնորսներուն, նաւերուն եւ ծովափը զբօսնող անցորդներուն մասին: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված բառամթերքը:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ: Հանդիպման նպատակն էր ուսման կողմնորոշման եւ համալսարանական կեանքի սեմին գտնուող աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն առիթը…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանի աշակերտները օրուան պատգամը փոխանցեցին ներկաներուն: Նարէ Աշգարեան ջութակով նուագեց Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք Էլի Ապտըլ Նուր արաբերէն լեզուով ընթերցեց իր խօսքը: Ան ըսաւ, որ առանց ազատութեան հայրենիք գոյութիւն չ’ունենար եւ առանց անկախութեան…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ – ՔԻՏԶ ԱԹԼԵԹԻՔՍ

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016-ին, Մանուկներու Համաշխարհային օրուան առթիւ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած Քիտզ Աթլեթիքսը Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, առաւօտեան ժամը 9-էն մէկ: Քիտզ Աթլեթիքս-ի օրուան աւարտին, բոլոր մասնակցողներուն մրցանակները ներկայացուց ճեմարանական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԼԵՎԱՄ-ի ախոյեան՝ Կարէն Խիւտավերտեանը, որ իր կարգին ստացաւ…

«ԴԷՊԻ ՆԵՐԱՌԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ, ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ»

2011-2012 տարեշրջանէն ի վեր, Ճեմարանէն ներս կը գործէ սորվելու դժուարութիւններ ունեցող ներառական կրթութեան բաժանմունքը: Մասնագէտ անձնակազմը եւ ուսուցիչները այս ուսուցման վերաբերող գիտաժողովներուն կը մասնակցին երբ առիթը ներկայանայ: 18 եւ 19 Նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի ներառական դպրոց, հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ» (Vers une école inclusive: perspectives…

ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ծանօթացան տերեւներուն տեսակներուն: Անոնք իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ տերեւներ հաւաքեցին Ճեմարանի պարտէզներէն: Աշակերտները նաեւ թաղարներու մէջ հունտեր ցանեցին, որպէսզի զանոնք խնամեն եւ աճեցնեն իրենց դասարաններուն մէջ: 

«LE CACAO, UN PRODUIT DE LUXE»

Նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը  միջնակարգի Ը. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով պատմութեան դասին ընթացքին ներկայացուցին իրենց կատարած խոյզերը 17-րդ դարուն եւրոպացիներու իշխանութեան տակ գտնուող գաղութներու սեւամորթ գերիներուն մասին, որոնց միջոցաւ կը կատարուէին հողամշակութեան զանազան աշխատանքներ, ինչպէս՝ տուրմի, թէյի եւ սուրճի մշակութիւնը: Աշակերտները իրենց խոյզերով անդրադարձան այդ ժամանակաշրջանի առեւտուրին, մարդոց…

ԱՐՄԱՒԸ

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները դիտեցին եւ «ուսումնասիրեցին» արմաւը, ապա անով կրկնեփուկ պատրաստեցին:

ԸՆԿՈՅԶՈՎ ԿՐԿՆԵՓՈՒԿ

Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի երեխաները դիտեցին չոր պտուղները, ապա պատրաստեցին ընկոյզով կրկնեփուկ: