ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Աշակերտները «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցչուհիներուն: Անոնք ծանօթացան տարրական բաժինի ուսուցիչներուն եւ իրենց «նոր» դպրոցի կառոյցին, իսկ ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին: Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերի առաւօտեան Ա….

«Շատ մեծ հաւատք ունիմ հայ դպրոցին հանդէպ եւ կը հաւատամ, որ ամէն հայ մանուկ նախ եւ առաջ իր դաստիարակութիւնը պէտք է ստանայ հայկական վարժարանին մէջ»

Վերամուտի առիթով եւ դպրոցին մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին նոր տնօրէն Փաուլա Եղիայեանին հետ: Խօսելով Ճեմարանի հիմնադրութեան օրէն եկող եւ միշտ պահպանուող այն առաքելութեան մասին, որ Ճեմարանի յարկին տակ աշակերտը ո՛չ միայն լեզու եւ գիտութիւն կը…

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐԵՐ

2016-2017 տարեշրջանի սեմին Ճեմարանի մանկապարտէզի ուսուցիչները մասնակցեցան երկու մանկավարժական հանդիպումներու՝ Չորեքշաբթի 14-էն Հինգշաբթի 15 Սեպտեմբերին: Վարժանքները մատուցուեցան Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մանկավարժական Բաժանմունքի արհեստավարժ անձնակազմին կողմէ: Առաջին վարժանքը կը վերաբերի մանկապարտէզէն ներս խօսքի զարգացումին: Տիկ. Գօլէթ Աուն ներկայացուց խօսքի զարգացման հիմնարար սկզբունքները 3-էն 6 տարեկան երեխաներուն մօտ: Մանուկները տեսնելով,…

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՈՒԽՏՈՎ՝ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԵՄԻՆ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր ԺԲ. դասարանէն Արին Թաշճեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «Ամառուան երկար արձակուրդէն ետք նորէն միասին ենք: Նորէն հաւաքուած ենք մեր հարազատ Ճեմարանի բակին մէջ, դարձեալ կը հանդիպինք մեր ուսուցիչներուն, դարձեալ գտած ենք մեր…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՄԱՌՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն մանկամսուրի մէջ կիրարկուեցաւ ամառնային յատուկ ծրագիր մը:  Իւրաքանչիւր շաբաթ կ’ընդգրկէր մարզական խաղերու, խոհանոցային աշխատանքի, լողաւազանի, ձեռային աշխատանքի եւ պարտէզի օրեր: Հաճելի ամառէ մը ետք, կը շարունակուի մանկամսուրի սովորական ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։