ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրասենեակներուն ամէնօրեայ վերաբացումը տեղի կ՛ունենայ Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ին: 2016-2017 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Գիրքերու եւ համազգեստի վաճառքը կը կատարուի Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ Ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2016: Մանկապարտէզի համազգեստներու վաճառքը կը կատարուի Երկուշաբթի, 19-էն մինչեւ Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ին:…

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ գաղութը թիւով քիչ սփիւռքահայ այն գաղութներէն է, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց նոր սերունդներուն հայեցի ամուր դաստիարակութիւն տալուն` իրենց բնակած երկիրներուն բարենպաստ պայմանները օգտագործելով: Անիկա այն գաղութներէն է, որոնք հակառակ վերջին տասնամեակներու կեանքի դժուար պայմաններուն` յամառօրէն մեծ ներդրումներ կ՛ընեն պահպանելու, արդիականացնելու եւ զարգացնելու համար հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու…