«Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ»

4 Յուլիս 2016-ին սկսաւ Ճեմարանի «Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ» դպրոցը, ուր «հանճարիկներ»ը մասնագէտներու հետ խաղալով գիտելիքներ կ’ամբարեն: «Հազար ու մէկ գիտելիք ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶ» ծրագիրը կ’երկարի մինչեւ 12 Օգոստոս 2016:

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 16 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (1 շատ լաւ, 4 լաւ, 11 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Գրական դասարանէն՝ Կէօվշէնեան Միրնա, Գարտաշեան Լէթիսիա (շատ լաւ),…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, անձնակազմին,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 18 Յունիս 2016-ին Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մանկամսուրի հանդէսը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ծնողներուն աւետեց մանկամսուրի նոր կառոյցի կառուցման ախատանքներուն սկզբնաւորութեան լուրը եւ վկայականները յանձնեց Մանկամսուրի «մեծ» փոքրիկներուն:  Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: