ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին կազմակերպուած էր զարգացման մրցում մը միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն համար: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Չալեան» սրահին մէջ: Մասնակցող 14 խումբերէն իւրաքանչիւրը կը բաղկանար 6 աշակերտներէ: Հարցումները կը վերաբերէին հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի: Շուրջ երկու պահ հաճելի եւ առողջ մթնոլորտի մէջ…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին երեք լեզուներով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք կամ խօսք մը ուղղեց իր մօրը, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։ Յայտագիրը աւարտեցաւ սուրճի եւ կարկանդակի հիւրասիրութեամբ: Մամաները իրենց հետ տարին երկու գեղեցիկ…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2016-ին, նախակրթարանի աշակերտները՝ բաժնուած 20 խումբերու, մասնակցեցան Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած զարգացման մրցումին, որուն բացումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» երգով: Մրցումի դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հետեւեալ գեղարուեստական յայտագիրը. Երգ՝ Դ. դասարանի աշակերտներ՝ «Զինուորի երգ»ը: Դաշնամուրով նուագ՝ Մարիէլ Մարթայեան (Ե. դասարան)՝ «Հոյ նազան», Շահան Նաճարեան (Զ. դասարան)՝ «Արիւնոտ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց քոյր Լոռի Սարգիսեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին, մանկապարտէզի մոկլիները եւ աշակերտները եռագոյն դրօշակներով հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակներուն մասին խօսեցաւ՝ իւրաքանչիւրին խորհրդանիշը բացատրելով: Փոքրիկները երգեցին Հայաստանի քայլերգին առաջին տունը, ապա՝ «Ի զէն հայեր»ը: Այնուհետեւ ուսուցիչները երգեցին «Սարդարապատ»ը, որմէ ետք Թալին Եահնիեան աշակերտներուն թելադրեց սիրել զիրար…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Մայիս 2016-ին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. -ԺԱ. դասարան՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան, կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ) եւ ընկերային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, վիրաբոյժ):   -Ժ. դասարան՝ սեռային դաստիարակութիւն (Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, վիրաբոյժ) -Է. եւ Ը. դասարաններ՝ ըկերային դաստիարակութիւն (Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, Հայ Աւետ. Ա….

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Ուրբաթ,13 Մայիս 2016-ին։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ու թղթատեցին իրենց ծանօթ եւ անծանօթ գիրքերը, ապա գնեցին իրենց նախասիրած գիրքերը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «EXOTICA»

Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները «EXOTICA» այցելութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց «կանաչ» տարեշրջանին եւ մանկապարտէզին: Փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի օր մը անցուցին դիտելով բոյսերը, ծաղիկներն ու ծառերը, ապա ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց:

«LIVING COLORS»

Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ վերադարձան դպրոց։  

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի 12 Մայիս 2016-ին, զօրավար Նազօ Գաբրիէլեան Ժ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ սպայից վարժարանի մասին: Ան ներկայացուց մուտքի պայմանները, ընթացքը եւ այն բազմաթիւ առաւելութիւնները, որոնք կը տրուին սպայից վարժարան աւարտողներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան, որուն աւարտին հարցումներ ուղղեցին եւ լուսաբանութիւններ ստացան:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց ծնողներուն: Փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, պար եւ արտասանութիւն, ապա միասնաբար նախաճաշեցին: Անոնք ճաշակեցին հայկական իչն ու «սու-պէօրէկ»ը (ջրածալիկ) եւ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2016-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին հայ տարեցներու տուն: ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան աշակերտներուն ներկայացուց ՔԱՀԼ-ի եւ տարեցներու տան հիմնադրութիւնը «power point»ով: Ապա Տիկ. Սոնիկ Կէտիկեանի հետ աշակերտները շրջեցան ծերունիներուն սենեակները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ նուագ, ասմունք, ֆութպոլի պար…