ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ, ապա ուսումնասիրեցին հրշէջներու ինքնաշարժը եւ անոր զանազան բաժանումները։ Աշակերտները սորվեցան հրշէջի գործին կարեւորութիւնը: Անոնք ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

«ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ՝ ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄՆԻ ՄԷՋ»

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ մարզական օր: Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ թէ պաշտօնեայ, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ Ճեմարանի ջահը ձեռքին արշաւող մարզիկին նկարը օրուան կու տար ազգային երանգ։ Արդարեւ շաբաթ մը…

Հ. Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼ ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան: Ան հանդիպում ունեցաւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»ը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Պարոյր Սեւակի գրական ուղիին մասին տրուած բացատրութիւններուն, մասնաւորաբար՝ «Եռաձայն պատարագ»ի կառոյցին, բանաստեղծութեան գրութեան շարժառիթին եւ գրական…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։ Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ, ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը՝ մասնակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն։…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։ Աշակերտները անհամբեր կը սպասէին այս օրուան, երբ անոնք քանի մը ժամ պիտի անցընէին իրենցմէ տարբեր աշակերտներու հետ, պիտի փորձէին զգալ անոնց հետ եւ յարգանք, սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերէին անոնց հանդէպ:…

ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու  ներկայութեամբ ։ Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին եւ կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ Ժամը 8։15-ին, աւարտականները մեկնեցան դէպի Ն.Փ. Ճեմարան, ուր իրենց…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «SOS Village»

Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Պհըրսաֆ (Bhersaf) գիւղ՝ այցելելու «SOS Village»: «SOS Village»-ի մէջ կ’ապրին 1-էն 18 տարեկան 53 երեխաներ՝ 9 տուներու մէջ բաժնուած: Իւրաքանչիւր տուն ունի իր  «SOS մաման», որ կը խնամէ իր տան մէջ բնակող զաւակները, որոնք նոյն սեռի են եւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ուրբաթ 15 Ապրիլէն Կիրակի 17 Ապրիլ 2016-ի շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութիւնը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին եւ նախագահին, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ճատրակի ներկայացուցիչին: Ամբողջ Լիբանանի տարածքէն ժամանած 136 մարզիկներու մասնակցութեամբ, մրցումները…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ապրիլեան ձեռնարկներու եւ հայոց պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը: Աշակերտները բացատրութիւններ ստացան թանգարանային իրերուն մասին եւ նոր գիտելիքներով լիցքաւորուած վերադարձան դպրոց:

ՃԵՄԱՐԱՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 17 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու «gymnastique»-ի ախոյեանութիւնը: Ճեմարանի տարրական բաժինէն Գ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-ի ծնունդներու ախոյեան, իսկ նախակրթարանի Դ. դասարանէն Քրիստ Պարսումեան հանդիսացաւ 2006-ի ծնունդներու ախոյեան: Կը շնորհաւորենք Նարօտն ու Քրիստը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրենց: 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով…