ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին եւ սպասեցին Կաղանդ Պապուկին։ Վերջապէս Կաղանդ Պապուկը եկաւ իր թզուկներուն հետ եւ աշակերտներուն ուրախութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ ստացան Կ. Պապուկին բերած գեղեցիկ նուէրները։

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբերին միջնակարգի երեք դասարանները հրաժեշտ տուին 2016 տարեշրջանին: Երգերով, նուագներով, խաղերով, աճպարարութիւններով եւ պարերով անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին: Հանդիսութեան յաջորդեց աւանդութիւն դարձած ճաշն ու կարկանդակը: Այնուհետեւ հայկական պարեղանակները, շուրջպարը եւ եւրոպական ու ամերիկեան պարերը ստեղծեցին զուարթ մթնոլորտ մը: 

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին Մանկապարտէզի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը: Անոնք մեծ հրճուանքով ու խանդավառութեամբ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, ապա…

ՈՒՐԱԽԱՑՆԵՆՔ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՆԱՆՔ

Կաղանդի առիթով, նախակրթարանի աշակերտները քաղցրեղէններ բերին եւ երկու շաբաթ մեծ հաճոյքով իրենց զբօսանքները տրամադրելով բարեմաղթութիւններով լեցուն գրութիւններ պատրաստեցին Զուարթնոց կեդրոնի աշակերտներուն համար: Աշակերտները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ իրենց պատրաստածները ուղարկեցին Զուարթնոց Կեդրոն:

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կը տօնուին յատուկ սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով: Է. դասարաններու աշակերտները շատ հետաքրքրական ներկայացումներ պատրաստեցին խոյզերով, ձեռային աշխատանքներով, նոյնիսկ կարգ մը երկիրներու աւանդական ուտելիքներով եւ անգլերէն լեզուով իրենց դասընկերները իրազեկ դարձուցին այդ նորութիւններուն:

ԶԱՐԴԱՐԵ՛ՆՔ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄՈՎ

Դեկտեմբեր ամսուն իւրայատուկ մրցանք մը կազմակերպուեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար: Անոնք մէկ ամսուան ընթացքին վերամշակուած իրերով պիտի զարդարէին իրենց դասարանները: Այս առիթով ստեղծուած յանձնախումբը պիտի ընտրէր լաւագոյն զարդարանքը: Աւարտին, Ժ. դասարաններու աշակերտները իրենց յարատեւ ու կազմակերպուած աշխատանքին, յղացած գաղափարներուն, գործածած վերամշակուած իրերու այլազանութեան եւ ստեղծագործ իրագործումներուն համար յաղթական…

«ԿՈԿԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Այս նախաձեռնութեան ընթացքին, «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ մրցանակներ ստացան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի աշակերտներէն Հերա Տէտէյեանը (Ժ. դասարան),…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու` պետական քննութիւններուն եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ շրջանաւարտները Գարտաշեան Լէթիսիա, Խիւտավերտեան Կալի, Մելքոնեան…

«GINGERBREAD»

Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները կաղանդի առիթով «Gingerbread» կը պատրաստեն:

ՆԱՄԱԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն նամակ գրեցին կաղանդ պապային, ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր նամակը զետեղեց դպրոցին մուտքին գտնուող նամակատուփին մէջ:

ՆԱՐԻՆՋԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նարինջը կը կիսեն, կը քամեն եւ հիւթը կը խմեն: