ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն՝ Սանան Թապաքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Նարօտ Սերուժեան, Բալիկ Ծատուրեան, Կայա Գարամինասեան եւ Բալիկ Տէր Խաչատուրեան մասնակցեցան USJ-ի կազմապերպած աշակերտական թարգմանութեան մրցանքին՝ արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով: Աշակերտները ըստ իրենց նախընտրութեան կատարեցին տուեալ աշխատանքը: Անոնք աւարտին ստացան յիշեալ մասնագիտութեան վերաբերող տեղեկատուական…

«ՊԱՊԱ»ՆԵՐԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր ամսուն, կանաչ դասարաններու աշակերտներուն «պապա»ները այցելեցին մանկապարտէզ: Անոնք ծանօթացան իրենց զաւակներուն դասընկերներուն եւ դասարանին, ապա իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գործը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշակելէ ետք փոքրիկներուն կողմէ նախօրօք պատրաստուած կրկնեփուկները, «պապա»ները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հոկտեմբեր ամսուն, մեկնելով «Մաման կը կարէ» դասէն, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը, դիտեցին կարի գործիքները եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները երգեր ու արտասանութիւններ նուիրեցին Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչներու սերունդին: Ձեռնարկի աւարտին, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ծնած աշակերտներուն տարեդարձներու նշումով:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարան։ Անոնք հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ընթացքին։ Աշակերտները տպարանէն ուղղուեցան Կաթողիկոսարան, ուր դիտեցին հայերէն հրատարակութիւններ: Անոնք գնեցին զիրենք հետաքրքրող գիրքեր: Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութեան եւ Կաթողիկոսարանին, որ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հոկտեմբեր ամսուն մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այցելութեան աւարտին, աշակերտները նուէրներ ստացան գրախանութէն:

ՀՐԱԿ ԼԱԽԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

24 հոկտեմբեր 2015-ին Հրակ Լախեան պիտի մեկնի Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանը` մասնակցելու ճատրակի աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան: Հրակը պիտի ներկայացնէ Լիբանանը: Ան 11 տարեկան է, կը յաճախէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան: Ան սկսած է ճատրակ խաղալ 7 տարեկանին: Երկու անգամ եղած է Լիբանանի ախոյեան, իսկ վերջին երկու տարիներուն…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (N.D.U.)

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2015-ին, N. D. U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Գարլա Սֆէյր ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հակիրճ ձեւով ներկայացուց համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւնները եւ ընդունման պայմանները: Ան քաջալերեց աշակերտները ընտրելու ժամանակակից մասնագիտութիւններ, որպէսզի նորութիւններ բերուին գործի բոլոր դաշտերուն մէջ:

ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի պահպանութեան օրէնքներուն, կածաններու եւ այլազան ծառերու: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ճեմեցին անտառին մէջ, բոյսեր (անանուխ կամ ալոա) ցանեցին հետեւելով մասնագիտական բացատրութիւններու: Այս օգտաշատ պտոյտէն ետք աշակերտները վերադարձան դպրոց իրենց հետ ունենալով իրենց…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, A. U. S. T. համալսարանի ընդունման գրասենեակի ներկայացուցիչը ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ համալսարանին մասին: Ան շեշտեց իւրաքանչիւր աշակերտի նախասիրած մասնագիտութեան ընտրութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա հետագային իրենց կեանքի ասպարէզը պիտի ըլլայ: