ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 22-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբերին,…

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2015-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Աշակերտները երգեցին, զուարճացան եւ «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցչուհիներուն: Անոնք ծանօթացան նաեւ տարրական բաժինի ուսուցիչներուն, դպրոցի կառոյցին, եւայլն: Ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին, Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբերին դպրոց…